
17-21 Մայիս 2026ին, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ժամանակակից պատմութիւնը հարստացաւ համաքրիստոնէական կարեւոր իրադարձութեան մը արձանագրութեամբ, երբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ թեմակալ առաջնորդներու, շնորհաւորական այցելութիւն շնորհեց կաթողիկէ աշխարհի կեդրոն Վատիկանին եւ հանդիպում ունեցաւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ՝ Ն.Ս. Լեւոն ԺԴ. Պապին հետ:
Վատիկանի մէջ, Արամ Առաջին, իր պատուիրակութեան հետ, հիւրընկալ Պապին կողմէ ըստ արժանւոյն ընդունուեցաւ եւ Վատիկան կեցութեան ընթացքին ապրեցաւ պատմական նշանակալի պահեր՝ իբրեւ քրիստոնեայ աշխարհի յատկանշական եկեղեցւոյ՝ Հայց. Առաքելական Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գահակալ եւ համաքրիստոնէական եկեղեցւոյ վաստակաւոր ու պատկառելի ներկայացուցիչ: Վեհափառ Հայրապետին ընկերակցող պատուիրակութեան մաս կազմեց նաեւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան:
Յայտնենք, որ Լեւոն ԺԴ. Պապի շնորհաւորական այցելութեան ծրագիրը բծախնդրօրէն կազմակերպուած՝ յագեցած էր Հայ եւ Կաթողիկէ եկեղեցիներու Հոգեւոր պետերու պաշտօնական ելոյթներով, երկու եկեղեցիները շահագրգռող միջ-եկեղեցական, համաքրիստոնէական, համամարդկային, եւ համահայկական նիւթերու արծարծմամբ, ինչպէս նաեւ՝ քրիստոնեայ եկեղեցիներու միջեւ գործակցութեան սերտացման շինիչ խորհրդածութիւններով:
Այս առիթով հայկական պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ կաթողիկէ աշխարհի գլխաւոր սրբատեղիին զանազան բաժանմունքները, ճանաչողական նպատակով:



























