
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ս. Պատարագ Մատոյց, Քարոզեց, Ռեհանի Եւ
Մատաղի Օրհնութիւն Կատարեց Խաչվերացի Տօնին Առիթով
– Վերաբացում՝ Արեւմտեան Թեմի Կիրակնօրեայ Վարժարաններու
Կիրակի, 13 Սեպտեմբեր 2026-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Խաչվերացի աւանդական տօնին առիթով, Ս. Պատարագ մատոյց եւ քարոզեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարին մէջ:
Ս. խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Յարութիւն Քհնյ. Կարապետեան, սարկաւագներ, դպիրներ եւ երգչախումբը: Սրահը լեցուցած հաւատացեալներու եւ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքի անդամներուն շարքին էր նաեւ շրջանի Ազգ. երեսփոխան՝ Տիար Ճօ Սամուէլեան:
Այս առիթով արտասանած իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան հայրը յղում կատարեց տօնին առիթով յօրինուած շարականին՝ բացատրելով, որ անկախ խաչափայտը գտնելու եւ քրիստոնէական աշխարհի մէջ զայն վերարժեւորելու պատմական իրողութենէն, Խաչվերացի տօնը դասուած է Հայ Եկեղեցւոյ հինգ տաղաւարներէն մէկը, որովհետեւ «Խաչը կը համարուի խորհրդանիշը քրիստոնէութեան: Անիկա ապաւէնն ու զօրութիւնն է աշխարհի բոլոր քրիստոնեաներուն եւ խաչափայտի նիւթական արժէքէն անդին՝ կը խորհրդանշէ Խաչեալ Քրիստոսը, որ աշխարհ եկաւ, խաչուեցաւ, ապա յարութիւն առաւ: Յաղթելով մահուան՝ Յիսուս Քրիստոս մեզ հեռացուց մեր մեղքերէն եւ բոլորս հաշտեցուց Հայր Աստուծոյ հետ՝ մեր առջեւ բանալով յետ մահու յաւիտենական կեանքի ճամբան»:
Յաւարտ Ս. Պատարագի, Գեղամ Արքեպիսկոպոս հաւատքով ու հայրական գուրգուրանքով անդրադարձ կատարեց՝ նոյն օրը Արեւմտեան Թեմի եկեղեցիներու հովանաւորութեան տակ գործող կիրակնօրեայ վարժարաններու 2026-2027 տարեշրջանի վերամուտին եւ առիթով բարձրօրէն գնահատեց կազմակերպիչ մարմինը, կամաւոր դաստիարակները, հայ-քրիստոնէական դաստիարակութիւն ստացող աշակերտներն ու իրենց ծնողները, ապա իր շքախումբով ուղղուեցաւ Բաղրամեան սրահ, ուր կատարեց ռեհանի եւ մատաղի օրհնութիւն:
Ի պատիւ Առաջնորդ Սրբազան հօր եւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով, Հոգաբարձութեան կողմէ կազմակերպուած էր Սիրոյ սեղան, զոր գլխաւորեց Գեղամ Արքեպիսկոպոս եւ հաց կիսեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքի անդամներուն հետ, եղբայրական սիրով ու երկնային օրհնանքով լեցուն մթնոլորտի մէջ, ապա գնահատեց ներկաներն ու կամաւոր եւ նուիրեալ անդամները եկեղեցւոյ՝ համայնքային կեանքի յառաջդիմութեան եւ եկեղեցւոյ ծրագիրներու յաջողութեան ի նպաստ իրենց աշխուժ մասնակցութեան համար եւ հայրաբար օրհնեց համայնքի բոլոր զաւակները:


























