Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հօր Հանդիսապետութեամբ՝ Ազգ. Շամլեան Վարժարանի «Մարտիրոսեան» Դաշտի Եւ «Ո. Եւ Է. Սթամպօլեան» Կեդրոնի Բացում

By September 30, 2026No Comments

Հինգշաբթի, 24 Սեպտեմբեր 2026-ի առաւօտեան ժամը 9-ին եւ 11-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Ազգ. «Վ. եւ Ա. Շամլեան» վարժարանէն ներս հանդիսապետեց իրարայաջորդ երկու՝ վերանորոգուած «Մարտիրոսեան» ոտնագնդակի դաշտի եւ «Ոսկան եւ Էլիզ Սթամպօլեան» գերազանց ուսումնական կեդրոնի բացման եւ բարերար ընտանիքներու անուանաքարերու քողազերծման հանդիսութեանց:

Առաջնորդ Սրբազան հայրը վարժարան մուտք գործեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեանի եւ Ազգ. վարչութեան անդամ՝ Տիար Ռոնի Ղարիպեանի եւ Խնամակալ մարմինի անդամ՝ Տիկին Փաթիլ Աբոշեանի ընկերակցութեամբ եւ դիմաւորուեցաւ տնօրէնուհի Դոկտ. Թալին Քարկոտորեանի եւ պատասխանատուներու կողմէ, ապա տնօրէնուհիին եւ բարերար Մարտիրոսեան ընտանիքի անդամներու մասնակցութեամբ քողազերծեց Մարտիրոսեան ընտանիքի անունը կրող ոտնագնդակի վերանորոգուած դաշտի յուշաքարը, ծափողջոյններու տարափի տակ:

Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազան հայրը գնահատանքի խօսք ուղղեց Մարտիրոսեան ընտանիքի անդամներուն ու հարազատներուն, իրենց շարունակական բարերարութեան եւ ցուցաբերած հոգածութեան համար՝ իրենց զաւակներուն ու թոռնիկներուն երկրորդ տունը նկատուող Ազգ. «Վ. եւ Ա. Շամլեան» վարժարանին նկատմամբ, եւ ի սրտէ շնորհաւորեց վարժարանի տնօրէնութիւնը, անձնակազմը, ուսուցիչները, աշակերտներն ու իրենց ծնողները՝ կրթական կառոյցի առաւել ծաղկման եւ բարգաւաճման ուրախ առիթով եւ բոլորին մաղթեց առողջ ու ապահով տարեշրջան՝ լեցուն նոր յաջողութիւններով:

ժամը 11-ին, Առաջնորդ Սրբազան հօր, Արեւմտեան Թեմի բարերար՝ Տիար Սթամպօլեանի եւ տնօրէնուհիին ձեռամբ քողազերծուեցաւ վարժարանի բարերարներէն՝ Տիար Արիս Սթամպօլեանի ծնողներուն անունը կրող գերազանց ուսումնական կեդրոնի անուանաքարը՝ «Ոսկան եւ Էլիզ Սթամպօլեան» մակագրութեամբ: Արարողութեան ներկայ եղան Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Զարեհ Ծ. Վրդ. Սարգիսեան, բարերար Տէր եւ Տիկին Արիս եւ Անժելա Սթամպօլեանններ եւ դուստրը՝ Տիկին Սիւզի Սթամպօլեան-Վալենթին իր ամուսնոյն հետ, Ազգ. վարչութեան անդամ՝ Տիար Ռոնի Ղարիպեան, Ազգ. Առաջնորդարանի Խմանակալ մարմինի ներկայացուցիչ՝ Տիկին Թալին Աբոշեան եւ վարժարանի Ուսումնական մարմինի ներկայացուցիչներ, վարժարանի մեծ ընտանիքի անդամներ եւ հարազատներ:

Բարերար Սթամպօլեան ամոլին եւ Ազգ. «Վ. եւ Ա. Շամլեան» վարժարանի պատասխանատու մարմիններու եւ անհատներու ուղղուած գնահատանքի խօսքեր, շնորհաւորական արտայայտութիւններ ու սրտագին բարեմաղթութիւններ հնչեցին հանդիսութեան պաշտօնական բաժնով, որ իրագործուեցաւ վարժարանի նախադպրոցական ուսումնառութեան բաժանմունքին մէջ (Early Learning Wing):

Առաջնորդ Սրբազան հայրը իր շնորհաւորական եւ բարեմաղթանքի եզրափակիչ խօսքին մէջ վեր առաւ Ազգ. «Վ. եւ Ա. Շամլեան» վարժարանի բերած կրթաբարոյական նպաստը՝ շրջանի հայաշատ գաղութի յաջորդական սերունդներու ազգային դիմագիծի, ինքնութեան եւ գիտակից հայ-քրիստոնեայ ձեւաւորման կարեւոր գործին մէջ եւ շեշտեց յանձնառութեան գիտակցութիւնը՝ ազգի կեանքը բարելաւելու ձգտող բոլոր այն բարերարներուն, որոնք եկեղեցի, դպրոց եւ մշակութային տուն կը հիմնեն ազգի զաւակներուն առողջ կրթութեան համար, ապա այս առումով գնահատեց Արիս Սթամպօլեան հայ մարդու կերպարը, կեցուածքը եւ լոսանճելըսահայութեան կեանքէն ներս անոր մինչ օրս կատարած բարերարութիւնները:

Յայտնենք, որ այս զոյգ առիթներով, աշակերտական խումբեր վարժարանի շրջափակէն ներս գործադրեցին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր, իրենց ուսուցիչներու առաջնորդութեամբ:

Close Menu

Categories