Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ներկայ Եղաւ Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան Կալա-Երեկոյթին

By September 30, 2026No Comments

Կիրակի, 20 Սեպտեմբեր 2026-ի երեկոյեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ներկայ եղաւ Ամերիկայի Արեւմտեան Շրջ. վարչութեան կազմակերպած հանգանակային Կալա-երեկոյթին, որ տեղի ունեցաւ «Տաղլեան» շքեղ սրահին մէջ, Լոս Անճելըս՝ նպատակ ունենալով Համազգայինի Արիս Սթամպօլեան կեդրոնի բարենորոգման եւ ներքին յարդարման ծախսերուն համար հաւաքել հինգ հարիւր հազար տոլար:

Այս առիթով, Գեղամ Արքեպիսկոպոս արտայայտեց իր սրտին խօսքը, առաջին հերթին զարմանք յայտնելով այն մասին, թէ լոսանճելըսահայութեան կեանքին մէջ տասնամեակներու վաստակ ունեցող Համազգայինը ինչո՞ւ մինչեւ երկու տարի առաջ իր սեփական տունը չէր ունեցած, ապա անդրադառնալով Համազգայինի «Արիս Աթամպօլեան» նոր կեդրոնի գոյառման հանգամանքներուն, ան մեծապէս գնահատեց բարերար Սթամպօլեանի առաջին մեծագումար նուիրատուութիւնը՝ իր անունը կրող կեդրոնի գնման ի նպաստ եւ բարերարին շարունակական ուշադրութիւնը՝ այս նոր կեդրոնի բարեկարգման ծախսերուն կապուած:

«Բարերարութիւն, որ շարունակական իր բնոյթով՝ կենսունակ եւ գործունեայ տանտէրի կը վերածէ Համազգայինի մեծ ընտանիքը այս շրջանէն ներս, յանուն Լոս Անճելըսի մէջ հայկական ինքնութեան ու ազգային մշակոյթի պահպանման ու տարածման», դիտել տուաւ Սրբազան հայրը, ապա շնորհաւորական ջերմ խօսքերով գնահատեց Համազգայինի Շրջ. վարչութեան բարերար Տիար Արիս Սթամպօլեանը եւ բոլոր այն ազգայինները, որոնք իրենց նիւթաբարոյական օժանդակութեամբ աջակից դարձան Արեւմտեան շրջանի մէջ Համազգայինի սեփական «տուն» մը ունենալու երազանքի իրականացման:

Առաջնորդ Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ նաեւ գնահատեց սեփական կեդրոն ունենալու ուղղութեամբ Համազգայինի իրարայաջորդ Շրջանային վարչութեանց եւ մշակութասէր ազգայիններու հետեւողական ճիգը, ներկայ Շրջ. վարչութեան եւ համազգայնականներու տարած աշխատանքն ու կազմակերպական բծախնդրութիւնը, ապա շրջանի Համազգայինի մեծ ընտանիքին մաղթեց մշակութային բազմաճիւղ գործունէութեան անխափան յարատեւում սերունդէ սերունդ, դասական ազգայնաշունչ ձեռնարկներու կողքին նաեւ ժամանակակից արուեստով յագեցած մշակութային նոր իրագործումներ եւ խօսքի աւարտին իր հայրական օրհնութիւնները բաշխեց բոլորին:

Յայտնենք, որ Համազգայինի Կալա-երեկոյթին հանգանակուեցաւ 600 հազար տոլար:

Close Menu

Categories