Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Հայաստանի Անկախութեան 35-Ամեակին Առիթով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Պատգամեց Եւ Հանրապետական Մաղթանք Կատարեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

By September 25, 2026No Comments

Կիրակի, 20 Սեպտեմբեր 2026-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, հանդիսապետեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Ս. եւ անմահ Պատարագին եւ Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակի առիթով աւուր պատշաճի քարոզեց, ապա Հանրապետական մաղթանք կատարեց՝ աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած, որ Հայաստանի պետականութեան հիմքերը առաւել եւս ամրապնդուին, խաղաղութիւնը տիրապետէ հայկական հողին վրայ եւ հայ ժողովուրդի զաւակները իրենց հարազատ հայրենիքի բարգաւաճման գործընթացին բերեն անսակարկ մասնակցութիւն, յանուն վաղուան առողջ սերունդներու ազգային նկարագիրի կերտման եւ դարէ դար անաղարտ պահպանման:

Ս. խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան, սարկաւագներ եւ դպիրներ: Հաւատացեալ հոծ բազմութեան շարքին ներկայ էր նաեւ Ազգ. վարչութեան անդամ՝ Տիար Գալուստ Յակոբեան:

Գեղամ Արքեպիսկոպոս իր քարոզին մէջ դիտել տուաւ, որ Հայ Եկեղեցւոյ հայրապետները հայրենիքի գաղափարը ներառած են եկեղեցական ու հոգեւոր արարողութեանց մէջ, որովհետեւ հայրենիքը սուրբ ու նուիրական արժէք նկատած են, որուն համար մեր ժողովուրդը դարերով պայքար մղած է զինք ստրկացնել փորձող օտար ուժերու եւ բանակներու դէմ ու նուիրաբերած բազմաթիւ նահատակներ: «Հայրենիքի անկախութեան գաղափարը բոլոր երկիրներու եւ պետութիւններու համար գերագոյն արժէք է», ըսաւ Առաջնորդ Սրբազան հայրը եւ բացատրեց, որ աշխարհի քարտէսին վրայ հայրենիքը պատմական նոյն արմատները ունեցող ժողովուրդի մը դարերով բնակուած այն վայրն է, ուր ազգի մը հոգեմտաւոր եւ կենցաղային արժէքներն ու սովորութիւնները կիրարկուած են եւ պաշտպանուած, ապա սերունդէ սերունդ փոխանցուած՝ իբրեւ ինքնութիւն, քաղաքակրթութիւն եւ մշակոյթ:

Իր խօսքին մէջ անդրադարձ մը կատարելով անցնող օրերուն հայ համայնքապետերու Ուաշինկթընի Սպիտակ Տուն այցելութեան՝ Սրբազան հայրը իր միտքը շարունակեց՝ նշելով, որ առիթը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հիմնադրման 250-ամեակն էր եւ թէ ամերիկահայ համայնքի առաջնորդներ, շնորհաւորեցին համայն քրիստոնեայ աշխարհի ամէնէն ուժեղ պետութեան երկրին նախագահը եւ այս տօնին առիթով յիշեցուցին, որ 250 տարեկան Ամերիկայի աւելի քան վերջին հարիւր տարուան ընթացքին, քրիստոնէական աւանդներու պահպանման եւ զարգացման գործընթացին մէջ, իրենց նշանակալի ներդրումը ունեցած են եւ մինչեւ այսօր կը շարունակեն ունենալ Ամերիկայի զանազան նահանգներու հայաշատ գաղութներ, որոնք իրենց հաւատքով, կենցաղով ու արժեհամակարգով ընդհանրապէս կը նպաստեն Ամերիկայի քրիստոնէական նկարագիրի առաւել պայծառացման կարեւոր գործին:
 

Close Menu

Categories