
Շաբաթ, 19 Սեպտեմբեր 2026-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Արեւմտեան Թեմի Հոգեւոր հայրերու ընկերակցութեամբ ներկայ եղաւ ծագումով մուսալերցի, Տիար Տիգրան Պօղոսեանի տան շրջափակին մէջ (La Cañada, Los Angeles) կազմակերպուած Մուսա Լերան հերոսամարտի 111-ամեակի տօնախմբութեան, կատարեց աղօթք եւ մատաղի օրհնութիւն, ապա տօնախմբութեան մասնակից սերունդներու զաւակներու հետ ճաշակեց աւանդական հերիսան եւ փոխանցեց իր սրտին խօսքը:
Գեղամ Արքեպիսկոպոս նախ անդրադարձաւ 1915-ի ամրան Մուսա Լերան հայկական գիւղերու բնակչութեան հերոսական ինքնապաշտպանութեան պատմաքաղաքական պայմաններուն եւ գնահատեց մուսալերցիներու տոկունութիւնն ու դիմադրողական կեցուածքը՝ ընդդէմ թրքական բարբարոսութեան եւ բնութեան տարերքներուն, ապա ներկաներուն յորդորեց տան մէջ միշտ պատմել հերոսամարտը, որ մեզի հասած է սերունդէ սերունդ եւ զայն փոխանցել իրենց զաւկներուն ու թոռներուն, որպէսզի հայուն հերոսական ոգին ապրի ու շնչէ հայ նոր սերունդներու կեանքին մէջ եւս:
«Մուսա Լերան հերոսամարտը մասնիկ մըն է հայ ազգի հերոսական մաքառումներուն, որոնց շնորհիւ հայ իրարայաջորդ սերունդներ յաջողեցան պահպանել եւ ամրապնդել հայկական ինքնութիւնը, ոգին եւ մեր ժողովուրդի պատմութիւնը, որուն մաս կը կազմէ նաեւ մուսալերցիներուն հերոսական ինքնապաշտպանութիւնը», ընդգծեց Առաջնորդ Սրբազան հայրը եւ այս առիթով խնդակից եղաւ Մուսա Լերան երէց սերունդի թոռներուն ու ծոռներուն տօնական բարձր տրամադրութեան:







