Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Այցելութիւն Լոս Անճելըս Գաւառի Հայ Բանտարկեալներուն Եւ Խաղողօրհնէք

By October 2, 2026No Comments

Ուրբաթ, 18 Սեպտեմբեր 2026-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի արտօնութեամբ ու օրհնութեամբ, Ազգ. Առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ բանտային ծառայութիւններ մատուցող՝ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան եւ Բարշ. Րաֆֆի Սրկ. Կարապետեան, այցելեցին Լոս Անճելըս գաւառի հայ բանտարկեալներու խուցերը եւ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով կատարեցին խաղողօրհնէքի արարողութիւն, ապա Ս. հաղորդութիւն բաշխեցին բարոյահոգեբանական կարիքի մէջ գտնուող հայ երիտասարդներուն, անոնց փրկութեան համար հայցելով Աստուծոյ ողորմութիւնն ու օգնութիւնը:

Յետ այցելութեան, յանուն Առաջնորդ Սրբազան հօր, բոլոր հայ բանտարկեալներուն բաշխուեցան երկլեզու աղօթագիրքեր եւ հոգեւոր գրականութիւն: Բանտարկութեան մէջ գտնուող հայ երիտասարդները հոգեպէս լիցքաւորուած՝ գոհունակութիւն եւ փառք տուին Աստուծոյ, ապա շնորհակալ սրտով բաժնուեցան զոյգ ծառայողներէն:

Յայտնենք, որ Յիսուս Քրիստոսի՝ «Բանտն էի ինծի այցելութեան եկաք» խօսքը իրենց ծառայական առաքելութեան բնաբանը ըրած՝ Տէր Պօղոս եւ Րաֆֆի Սարկաւագ շաբաթական դրութեամբ կ՛այցելեն հայ բանտարկեալներու խուցերը, ուր հոգեւոր դաստիարակութիւն կ՛իրականացնեն, անոնց պատգամելով՝ Յիսուս Քրիստոսը ընդունիլ իբրեւ կեանքի ուղեցոյց, քրիստոնէական հաւատքի մէջ հզօրանալ, յաւիտենական փրկութեան յոյսը վառ պահել, մխիթարութեան եւ հոգեկան անդորրութեան համար խնդրել Աստուծոյ օգնութիւնը:

Close Menu

Categories