Skip to main content
search
Uncategorized

Ազգ. Ռ. Եւ Ա. Փիլիպոս Վարժարանի 5րդ Կարգի Աշակերտները Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 105-Ամեակը Ոգեկոչեցին Ազգ. Առաջնորդարանի Մէջ

By May 1, 2023May 1st, 2024No Comments

Հինգշաբթի, 25 Մայիս 2023-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Ազգ. Առաջնորդարանի մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հոլիվուտի Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս վարժարանի նախակրթարանի բաժնի աւարտական 5-րդ կարգի աշակերտներուն, ընկերակցութեամբ շրջանի Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեանի, վարժարանի տնօրէնուհի՝ Տիկին Մարալ Դաւիթեանի եւ դաստիարակներու:

Մօտաւորապէս ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին հանդիսավարութեամբ, քանոնի վրայ նուագով, պարով, խնբային աղօթքով, ասմունքներով եւ երգերով հանդէս եկան պատանի աշակերտները եւ մատուցեցին հոգեւոր, ազգային, հայրենասիրական, կոմիտասեան երգեր ու հայրենաշունչ բանաստեղծութիւններ, որոնց ընդմէջէն ազգի Հոգեւոր տան մէջ ստեղծուեցաւ մայիսեան յաղթանակներու խանդավառ մթնոլորտ՝ ոգեկոչելով Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրման 105-ամեակը:

Իր փակման խօսքին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց աշակերտներուն՝ Հանրապետական Աղօթքէն բաժին մը եւ հայաշունչ երգեր ու բանաստեղծութիւններ սորվելու եւ զանոնք անգիր ընելու կամքը, միաժամանակ գնահատանքի խօսք ուղղելով վարժարանի ուսուցիչներուն, որոնք Կոմիտասի, Վարուժանի, Շիրազի եւ այլ մեծութիւններու հոգեմտաւոր աստեղծագործութիւններէն էջեր կը սորվեցնեն իրենց պատանի աշակերտներուն:

Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազանը յորդորեց աշակերտները ազգային արժէքներու իւրացմամբ աւելի ամբողջական հայ-քրիստոնեայ դառնալ եւ ապագային պատիւ բերել իրենց ընտանիքին, շրջապատին, ազգին, Հայաստանի ու Հայ Եկեղեցւոյ:

Close Menu

Categories