Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Ազգ. Վ. Եւ Ա. Շամլեան Վարժարանի Աւարտական Կարգը Հայաստան Մեկնելէն Առաջ Ստացաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր Հայրական Օրհնութիւնը

By May 2, 2025No Comments

Երեքշաբթի, 29 Ապրիլ 2025-ի կէսօրին, Ազգ. Առաջնորդարան այցելեց Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Միջնակարգ վարժարանի աւարտական կարգի աշակերտութիւնը, առաջնորդութեամբ վարժարանի տնօրէնուհի՝ Տիկին Դոկտ. Թալին Քարկոտորեանի, ընկերակցութեամբ դաստիարակներու եւ ուսուցիչներու:

Հանդիպման ներկայ եղան նաեւ Ազգ. վարչութեան փոխ ատենապետ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան եւ անդամ՝ Տիար Գեւիկ Պաղտասարեան եւ ծնողներ:

Այցելու աշակերտները Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի հայրական օրհնութիւնը հայցեցին՝ վարժարանի տնօրէնութեան կողմէ աւանդաբար շարունակուող դէպի Հայաստան մեկնումի տարեկան ծրագիրը յաջողութեամբ պսակելու համար: Աշակերտական բացման խօսքէն ետք, մատղաշ սերունդի ներկայացուցիչներ խումբ առ խումբ ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին դեռատի տղաք ու աղջիկներ հանդէս եկան խմբային ասմունքով, երգ ու պարով եւ իրենց աշակերտական շունչով լեցուցին կառոյց ու հոգիներ:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատանքի եւ օրհնութեան իր խօսքին մէջ արծարծեց այն միտքը, որ Հայ եկեղեցւոյ մէջ քրիստոնեայ կը մկրտուինք, հայկական դպրոցին մէջ հայ կը մկրտուինք, իսկ հայրենիք այցելութեամբ մեր մէջ կը դրոշմուի հայ-քրիստոնեայի նկարագիր, ապա այս իմաստով դրուատեց աւարտական դասարանի աշակերտութեան Հայաստան մեկնումը՝ ընդգծելով, որ դէպի Հայաստան այս պտոյտը իր յատկանշական դրոշմն ու բարերար ազդեցութիւնը պիտի ունենայ իւրաքանչիւր աշակերտի ինքնութեան վրայ:

Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը այցելու աշակերտները հրաւիրեց Ազգ. Առաջնորդարանի մատուռ, ուր բոլորը միասին արտասանեցին Տէրունական աղօթքը, ապա Գեղամ Արքեպիսկոպոս աշակերտներուն շնորհեց իր հայրական օրհնութիւնները եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց յառաջիկայ քայլերուն ու կրթական ծրագիրներուն:

Յայտնենք, որ Ազգ. Առաջնորդարանը «Հաւատով խոստովանիմ» աղօթագիրքէն օրինակ մը եւ օրհնուած փայտեայ ապարանջայ մը նուիրեց իւրաքանչիւր աշակերտի:

Close Menu

Categories