Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդական Անդրանիկ Պատարագ Եւ Տօն՝ Ճրագալոյց Ս. Ծննդեան

By January 8, 2021June 3rd, 2024No Comments

«ԼՈՅՍ ՏՈՒՐ ԻՆԾԻ, ՏԷ՜Ր, ԻՄԱՍՏՈՒԹԻ՜ՒՆ ԼՈՅՍ»
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ

Ս. Ծննդեան ճրագալոյցի սրբազան պահն է: Երեքշաբթի, 5 Յունուար 2021, երեկոյեան ժամը 5, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցի: Երկրի վրայ կը յայտնուի Աստուած Ի՛նք՝ Յիսուս Քրիստոս, բեթղեհեմեան մսուրի մէջ մարդացած Սուրբ Մանուկ: Լուսաւոր այս պահուն, Առաջնորդական Անդրանիկ Պատգամին ընդմէջէն երկնային լոյս իմաստութի՜ւն կ՛աղերսէ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի նորընտիր, երիտասարդ, կորովի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, ապա իր ձեռքերը կ՛երկարէ Աստուծոյ ու ժողովուրդին՝ ըսելով. «Աստուածային լուսեղէն հաւատքով ահա՛ ձեռքերս կը դնեմ ձեր ձեռքերուն մէջ, սիրելի՛ հայ զաւակներ, եկէ՛ք միասնաբար մեր ձեռքերը դնենք ամենալոյս Աստուծոյ Սուրբ ձեռքին մէջ եւ ընթանանք յառա՛ջ: Ամէն»:

Խորհուրդներդ միշտ մեծ են, Տէ՜ր, եւ նոյնքան սքանչելի՜: Ս. Ծննդեան ճրագալոյցը աստեղային նոր ու թարմ ջերմութեամբ կ՛ողողէ համայն տիեզերքը, որուն ամենահրաշ զեղումը այս պահուն կը կատարուի Տանդ մէջ, ամենալուսաւէտ Տէ՜ր, երբ Պատարագիչ Առաջնորդ Սրբազան Հօր լոյս բառերով կը ճառագայթէ Միածինիդ Աստուածայայտնութեան Տօնը.

«Քրիստոս Ծնաւ Եւ Յայտնեցաւ: Ձեզի, Մեզի Մեծ Աւետիս»:

Հաւատքով ի Քեզ բարձրացած երգչախումբին եւ ընտրուած մեներգիչներու ձայներէն ոսկի ու արծաթ հոսեցան Պատարագի ամբողջ տեւողութեան: Ո՜հ, ինչ դիւթիչ էր պահը, երբ Բարի Լուրը ձայնաւորուեցաւ խորանէն մինչեւ դպրաց դաս՝ մինչ Պատարագիչ Սրբազան Հօր երգեցողութիւնը եկաւ ամբողջացնելու համաչափ, կշռութային, մասնագիտօրէն մատուցուած հոգեւոր երկխօսութիւնները, որոնք Հաւատքի կնիքով դաջեցին ձայնային եթերը: Այդ պահուն, դարերով մշակուած եւ բիւրեղացած Հայկական Ս. եւ Անմահ Պատարագը իր ադամանդեայ զենիթին հասաւ:

***

Յայտնենք, որ «Քորոնա» համաճարակային ժահրի դէմ ի գործ դրուած հանրային զգուշաւորութեան օրէնքներուն հիմամբ կարելի չեղաւ բոլոր հաւատացեալները ընդունիլ եկեղեցւոյ մէջ, այսուհանդերձ արարողութիւնը ամբողջութեամբ սփռուեցաւ առցանց եւ USArmenia հեռատեսիլ կայանէն՝ հասնելով բոլորին տուները: Առաջնորդ Սրբազան Հօր Անդրանիկ պատարագին ներկայ եղան հայ եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոսներ, հայ յարանուանութեանց ներկայացուցիչներ, Թեմիս հոգեւորական դասը, Կրօնական ժողովն ու Ազգային վարչութիւնը, Հայրապետական Աթոռոյ Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, Լոս Անճելըսի մէջ Հ. Հ. Գլխաւոր հիւպատոսը, Ֆրեզնոյի մէջ Հ.Հ. Պատուոյ հիւպատոսը, Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ գործող պատկան մարմիններու, ազգային կառոյցներու, կազմակերպութիւններու, միութիւններու եւ մամուլի ներկայացուցիչներ:

Սրբազան Հօր պատգամը տեսնել առանձին։

Close Menu

Categories