Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդական Եռօրեայ Այցելութիւն Լաս Վեկասի Համայնքին

By January 24, 2025No Comments

Գեղամ Արքեպիսկոպոս Նախագահեց, Քարոզեց
Եւ Մատաղօրհնէք Կատարեց Լաս Վեկասի
Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին Առիթով

17-19 Յունուար 2025-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, եռօրեայ այցելութիւն տուաւ Լաս Վեկասի համայնք եւ Կիրակի առաւօտեան Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Ս. եւ անմահ Պատարագին, քարոզեց եւ մատաղօրհնէք կատարեց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, որուն ներկայ եղան եկեղեցւոյ ընտանիքի անդամներն ու շրջանի հաւատացեալ ժողովուրդը: Պատարագիչն էր եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Պարգեւ Քհնյ. Պալգէորգեան:

Յընթացս Ս. Պատարագի, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր քարոզը սկսաւ ուրախութիւն յայտնելով, որ առիթ մը եւս ընձեռուեցաւ իրեն՝ այցելելու Լաս Վեկասի համայնք եւ իր խնդութիւնը յայտնեց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, ապա շնորհաւորեց տաճարին անդամներն ու շրջանի հայութիւնը, որոնք իրենց ճիգերը ի գործ կը դնեն՝ ի նպաստ իրենց Հոգեւոր տան հզօրացման եւ տեղւոյն հայութեան կեանքի առաւել կազմակերպման ու բարգաւաճման:

Իր քարոզին մէջ, Գեղամ Արքեպիսկոպոս վեր առաւ Յովհաննու Մկրտիչին դերը Աստուծոյ փրկագործական ծրագրին ընդմէջէն եւ բացատրեց, որ ան մկրտութիւն կատարեց Յորդանան գետին մէջ, միշտ ժողովուրդին յայտնելով, որ ինք Քրիստոսը չէ, այլ Ան է, որ պիտի գայ իրմէ ետք եւ Սուրբ Հոգիով պիտի մկրտէ բոլոր անոնք, որոնք կը հաւատան Իրեն:

Լուսաբանելով աստուածաշնչեան այս պատումի միտք բանին՝ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նշեց, որ թէեւ Յովհաննէս Մկրտիչ իր ժամանակի ամէնէն համբաւաւոր դէմքերէն մէկն էր եւ մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէր, բայց երբեք չշլացաւ իրեն ընծայուած ժողովրդային փառքով, ամբարտաւան չդարձաւ, ոչ ալ մեծամտութիւն ցուցաբերեց, այլ՝ գիտակից իր սահմաններուն եւ Աստուծոյ կողմէ տնօրինուած իր դերին, ան միշտ իրմէ մեծ ու հզօր դաւանեցաւ Յիսուս Քրիստոսը, որուն համար ան յաճախակիօրէն կրկնեց, որ Ան ինձմէ մեծ պիտի ըլլայ եւ ինձմէ ետք պիտի գայ եւ Քրիստոսի գալստեան պատրաստեց իր հօտը, ժողովուրդը դէպի Քրիստոս առաջնորդելով:

Այս եղելութիւնը բերելով մարդկային կեանք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յորդորեց ներկաները՝ ըսելով. «Յովհաննէս Մկրտիչի օրինակով ճանչնանք Քրիստոսի ճշմարտութիւնն ու մեր դերը այս կեանքին մէջ եւ իմանանք մեր սահմանները, ապրինք ու գործենք յանուն ճշմարտութեան եւ մեր շրջապատը առաջնորդենք Յիսուս Քրիստոսի»:

Քիչ մը եւս ընդարձակելով իր յորդորը՝ Սրբազան Հայրը շեշտեց հայ նոր սերունդները Աստուծոյ ճամբուն մէջ պահելու կարեւորութիւնը՝ անոնց մատղաշ հոգիներուն մէջ Հայ Եկեղեցւոյ նկատմամբ հաւատք, սէր եւ նուիրուածութեան ոգի սերմանելով ընդմիշտ, որպէսզի փոքր հասակէն սկսեալ անոնք իրենց քայլերը նետեն դէպի ճշմարիտ կեանք եւ իրենց բոլոր օրերուն մէջ քալեն Քրիստոսի բացած ուղիէն:

Քարոզէն ետք, Հ.Մ.Ը.Մ.-ական արծուիկ-գայլիկներ, որոնք ՀՕՄ-ի Վերժին Քուճաքեան շաբաթօրեայ դպրոցի աշակերտներէն են, երգեցին Տէրունական «Հայր Մեր»ը, իսկ Ս. Պատարագի աւարտին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց մատաղօրհնէքի արարողութիւն։ Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով մատաղի հովանաւոր Տէր եւ Տիկին Ատուր եւ Արշալոյս Աղճեաններն ու իրենց զաւակը՝ Նարեկ, ինչպէս նաեւ անդամները, վաստակաւոր ծառայողներն ու երիտասարդները եւ շնորհաւորեց բոլորը, իր հայրական բարի մաղթանքներն ու օրհնութիւնները փոխանցելով ներկաներուն:

Յետ արարողութեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գլխաւորեց ի պատիւ իրեն կազմակերպուած Սիրոյ սեղանը, ապա աշխատանքային հանդիպում ունեցաւ եկեղեցւոյ նորընտիր Հոգաբարձութեան կազմին հետ եւ գնահատեց փոխ ատենապետի պաշտօնը զբաղեցնող Ատրուշան Արմէնեանի վաստակն ու գործունէութիւնը՝ յատկապէս երիտասարդ նորընտիր անդամները դէպի Հայ Եկեղեցւոյ ու համայնքային կեանքի պատասխանատուութիւններ առաջնորդելու գիտակից կեցուածքին եւ ողջունելի գործունէութեան համար:

Լաւատեսութեամբ տոգորուած՝ Սրբազան Հայրը նաեւ խրախուսեց փորձառու եւ երիտասարդ տարրերուն միացեալ աշխատանքն ու միասնականութեան ոգին, ապա պայծառ եւ լուսառատ օրեր մաղթեց Լաս Վեկասի հայ համայնքի բոլոր զաւակներուն եւ շնորհաւորեց Յովհաննէս ու Կարապետ անունները կրող բոլոր հայորդիները:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ՀՕՄ-Ի ՎԵՐԺԻՆ ՔՈՒՃԱՔԵԱՆ ՇԱԲԱԹՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

Շաբաթ, 18 Յունուարին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, ընկերակցութեամբ Հոգեւոր հովիւին եւ Հոգաբարձութեան, այցելեց Լաս Վեկասի ՀՕՄ-ի Վերժին Քուճաքեան շաբաթօրեայ վարժարան, ուր զրուցեց շրջանի միակ հայկական օճախի պատասխանատուներուն, ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն հետ, գնահատեց բոլորին անձնդիր աշխատանքը, ապա շրջեցաւ կառոյցի բոլոր բաժինները եւ հաճելի երկխօսութիւն ունեցաւ աշակերտներուն հետ:

Նաեւ, ան հայրաբար օրհնեց բոլորը, ուժ եւ կորով մաղթեց վարժարանի վարչական ու կրթական գործիչներուն, ինչպէս նաեւ համայնքի հայ ընտանիքներուն, անոնց մանուկ զաւակներուն եւ շաբաթօրեայ դպրոցի բոլոր աշակերտներուն ու անոնց ծնողներուն՝ ի սրտէ մաղթելով, որ համերաշխութեամբ աճի ու բարգաւաճի համայնքային կեանքը բոլոր այն վայրերուն մէջ, ուր հայկական ներկայութիւնը կը փայլի աստղի պէս:

Նոյն օրը, երեկոյեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը համայնքի զաւակներուն հետ մտերմիկ ընթրիք ունեցաւ եւ իր հայրական ներկայութեամբ հսկեց յաջորդ օրը, յետ Ս. Պատարագի օրհնուելիք եւ ժողովուրդին բաժնուելիք մատաղի (հարիսա) պատրաստութեան աշխատանքներուն:

Close Menu

Categories