
Երեքշաբթի, 31 Յունուար 2023-ի առաւօտուն, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, ընկերակցութեամբ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեանի, այցելեց Փասատինայի մէջ գործող Ազգ. Լ. Եւ Յ. Թաւլեան Մանկապարտէզ-մանկամսուրը, որուն մուտքին ան դիմաւորուեցաւ Տնօրէնուհի Կարին Չուխատարեանի, ուսուցիչներու եւ փոքրիկ աշակերտներու կողմէ: Անոնք ծափողջոյններով ու փուչիկներով գացին ընդառաջ իրենց Առաջնորդ Սրբազանին եւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ բարի գալուստ մաղթեցին անոր:
Առաջնորդ Սրբազանը շրջեցաւ Ազգ. կրթական կառոյցի չորս դասարանները, լսեց մանուկներուն համախումբ աղօթքները, արտասանութիւններն ու երգերը եւ զրոյցի բռնուեցաւ անոնց հետ, ապա բարձր գնահատեց Ազգ. Թաւլեան Մանկապարտէզ-մանկամսուրի տեղն ու դերը Փասատինայի հայ համայնքի կեանքէն ներս:
Ազգ. Առաջնորդարան իր վերադարձին, Թորգոմ Եպիսկոպոս հետեւեալ խորհրդածութիւնը գրի առաւ.
«Արեւմտեան Թեմի Ազգ. վարժարանները յոյսի ու կեանքի ներշնչման եզակի աղբիւր են Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց կեանքէն ներս: Մեր բոլոր վարժարանները մնայուն աճման, բարգաւաճման եւ ինքնակատարելագործման ընթացքի մը վրայ են: Ազգ. Թաւլեան Մանկապարտէզ-մանկամսուրը իր կարգին, անմիջական կարիքը ունի ընդարձակման, որպէսզի աւելի մեծ թիւով մանուկ-աշակերտներու ընձեռուի առիթ՝ հայեցի դաստիարակութիւն ստանալու: Առ այս, բոլորս՝ որպէս մէկ ամբողջութիւն ու հոգեւոր եւ ազգային ղեկավարութիւն, պէտք է մտածենք, թէ ինչպէ՛ս Ազգ. Թաւլեան Մանկամսուր-մանկապարտէզը պիտի տեսնենք աւելի ընդարձակ հողատարածքի վրայ եւ դասարաններու ու կարգերու բազմացումը իրականութիւն դարձնենք ո՛չ հեռաւոր ապագայի մէջ: Լաւայոյս ենք, Աստուածաշունչի բառերով՝ «յոյսը ամօթով չի ձգեր», յառաջ Աստուած, այդ օրերն ալ պիտի տեսնենք»: