– ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ՆՈՒԷՐՆԵՐ ԿԸ ՏՐԱՄԱԴՐԵՆ ԼԷՅԼԱՒԱՆԻ (ԼԻԲԱՆԱՆ) ԻՐԵՆՑ ՏԱՐԵԿԻՑ ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐՈՒ
Ուրբաթ, 8 Դեկտեմբեր 2023-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, ընկերակցութեամբ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեանի, այցելեց Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարան եւ ըմբոշխնեց այս առիթով կազմակերպուած տօնական հանդէսը:
Յետ ձեռնարկի, Առաջնորդ Սրբազանը այցելեց վարժարանին դասարանները, ուր աշակերտներուն հետ մտերիմ զրոյցներ ունեցաւ, ապա տօնական երգեր ու արտասանութիւններ հնչեցուց մանուկ ու պատանի հայկակներուն հետ միասին եւ պատասխանեց անոնց հարցումներուն:
Խօսելով այս այցելութեան մասին, Առաջնորդ Սրբազանը հետեւեալը կ՛արձանագրէ. «Մեծ գնահատանքով կ’ողջունենք վարժարանի տնօրէնուհի՝ Դոկտ. Թալին Քարկոտորեանը, ուսուցիչներն ու պաշտօնէութիւնը, որոնք իրենց գիտութեամբ, ազնիւ աշխատանքով ու մանկավարժական արդի մեթոտներով հայ աշակերտութեան շրթներուն վրայ առկայծ կը պահեն մայրենին, հայ մշակոյթի նկատմամբ սէր ու խանդաղատանք կը ներշնչեն հայ մանուկներուն եւ պատանիներուն եւ անոնց կեանքերը կը լեցնեն ազգային ու հայկական արժէքներով»:
Յայտնենք, որ Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան վարժարանի աշակերտները՝ ընդառաջելով Առաջնորդ Սրբազանի առաջարկին, Նոր Տարուան իրենց նուէրներէն բաժին կը հանեն նաեւ Լիբանանի Լէյլաւանի շրջանի իրենց տարեկիցներուն: