
– «ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՈԳԻՆ Հ.Մ.Ը.Մ.-Ի ԷՈՒԹԵԱՆ, ԿԱՐԳԱԽՕՍԻՆ ԵՒ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՔՆ Է», ԸՍԱՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ
Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ Արժ· Տ· Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեանի, Շաբաթ, 29 Յունիս 2024-ի երեկոյեան ներկայ եղաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած Նաւասարդեան 47-րդ մարզախաղերու աւանդական դարձած «Յաղթանակի պարահանդէս»ին, որ տեղի ունեցաւ «Պեվըրլի Հիլթըն» պանդոկին մէջ:
Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց բացման աղօթքը եւ դրուատեց աշխարհատարած Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր միութեան ազգային, սկաուտական եւ մարմնակրթական գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի մէջ գործող միաւորին աշխատանքները, որոնց մէջ հիմնական տեղ կը գրաւեն Նաւասարդեան խաղերը, որոնք ամէնամեայ դրութեամբ տեղի կ՛ունենան շարունակելով աւանդը, ըսաւ ան եւ սրտագինս շնորհաւորեց 47-րդ տարուան խաղերուն բոլոր մասնակիցները, պատասխանատուները, ծնողները, կամաւոր աշխատողները, բարերարներն ու համայնքի զաւակները, իրենց ցուցաբերած զօրակցութեան համար:
«Յաղթանակի պարահանդէս» բառակապակցութիւնը սոսկ զուգադիպութիւն կամ պատահականութիւն չէ, որովհետեւ ՅԱՂԹԱՆԱԿը հիմնական յատկանիշն ու էատարրն է այս պատուաբեր միութեան, իր հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն եւ աշխարհի բոլոր ցամաքամասերուն վրայ: Մէկ խօսքով՝ յաղթանակը հիմքն է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի էութեան, դաւանած կարգախօսին եւ համահայկական գործունէութեան», դիտել տուաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ յատկապէս ա՛յս առումով գնահատեց Նաւասարդեան 47-րդ խաղերու նախագահ՝ Տէր եւ Տիկին Մայք եւ Եւելինա Սարեան զոյգը Արեւմտեան Թեմի բարեզարդման ծրագիրներուն ցուցաբերած աջակցութեան համար, ապա իր խնդութիւնը արտայայտեց՝ այս տարեշրջանի «Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.»-ական տիտղոսին արժանացած Տիար Արամ Պեքերեանի եւ սրահը լեցուցած բոլոր Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներուն ու աջակիցներուն մաղթեց անսպառ առողջութիւն, որպէսզի շարունակեն իրենց նիւթական եւ բարոյական անսակարկ ներդրումը բերել՝ վասն Ա.Մ.Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի ազգային, եկեղեցական եւ միութենական ծրագիրներու յաջողութեան: