Skip to main content
search
Uncategorized

Առաջնորդ Սրբազանը Բացումը Կատարեց Մոնթեպելլոյի Ազգ. Մեսրոպեան Վարժարանի Ռ. Եւ Գ. Գաբրիէլ Մանկապարտէզ-Մանկամսուրի Խաղավայրը Զարդարող Մեծ Որմնանկարին

By December 7, 2022June 7th, 2024No Comments

Հինգշաբթի, 15 Դեկտեմբեր 2022-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, այցելեց Մոնթեպելլոյի մէջ գործող Ազգ. Մեսրոպեան վարժարան, ընկերակցութեամբ Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Հոգեւոր տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանի, Հովիւ՝ Արժ. Տ. Աշոտ քհնյ. Գամպուրեանի, Ազգ. Վարչութեան անդամ Տիար Ժագ Հաճինեանի, Հոգաբարձութեան անդամ Տոքթ. Յակոբ Տիգրանեանի: Առաջնորդ Սրբազանն ու շքախումբը դիմաւորուեցան վարժարանի տնօրէն՝ Տիար Դաւիթ Ղուկասեանի եւ Տնտեսական մարմնի անդամ՝ Տիար Քրիս Կիւլճեանի, ուսուցիչներու եւ աշակերտներու կողմէ:

Վարժարանի Մանկապարտէզ-մանկամսուրի վարիչ՝ Տիկին Անգին Իսկաճեանի գլխաւորութեամբ աշակերտները աղ ու հացով ընդառաջ եկան Սրբազան Հօր եւ խնդրեցին, որ աչքերը փակ հետեւի իրենց՝ դէպի Ռան եւ Գոհարիկ Գաբրիէլ մանկամսուրի խաղավայր: Մանկամսուրի շրջափակի մուտքին Սրբազանը կարմիր ժապաւէնի հատումով բացումը կատարեց խաղավայրին մէջ պատկառելի որմնանկարի մը, որ կը ներկայացնէր հայրենի աշխարհի «Մամիկ ու Պապիկ»ի կոթողը, Արարատեան դաշտն ու այլ սրբավայրեր: Աշակերտները երգեցին Ս. Ծննդեան երգեր, իսկ Սրբազանը մասնակցեցաւ «Լո՜ւռ Գիշեր» շարականով: Այս առիթով ան բարձր գնահատեց Մանկամսուր-մանկապարտէզի վարիչն ու ուսուցչուհիները, ինչպէս նաեւ փոքրերուն հնչեցուցած հայերէն երգերն ու արտասանութիւնները, որոնք, տօնական օրերու նախօրեակին, ջերմութեամբ համակեցին այցելուներուն սիրտերը:

Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի միջնակարգ եւ երկրորդական կարգերու աշակերտները այս առիթով ներկայացուցին գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր. խումբ մը աշակերտներ ասմունքեցին «Նարեկ»էն եւ հայ գրողներու գործերէն վերցուած՝ «Աշխարհի ցաւով հիւանդ է հոգիս» ընդհանուր թեմայով բանաստեղծական համադրում մը: Իր հայրական խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը յորդորեց աշակերտները, որ իրենց անձերէն աւելի բարձր արժէքներու հետամուտ ըլլան եւ ուսման կողքին նաեւ զարգացնեն մարդկային առաքինութիւններ: Շեշտը դնելով գլխագիր Մարդ դառնալու եւ ծառայական ոգի ունենալու կարեւորութեան վրայ, Թորգոմ Եպիսկոպոս իր խօսքի աւարտին դրուատեց աշակերտութեան մատուցած գեղարուեստական յայտագիրը եւ գնահատանքի խօսքեր ուղղեց վարժարանի պատասխանատուներուն, ուսուցիչներուն, կրթական մշակներուն, աշակերտութեան եւ ծնողներուն, ապա մասնակից դարձաւ այս առիթով կազմակերպուած Սիրոյ սեղանին:

Հանդիպումը աւարտեցաւ վարժարանի տնօրէնին փակման խօսքով, որուն ընթացքին ան Առաջնորդ Սրբազանին նուիրեց աշակերտուհի Անահիտ Ստեփանեանի նկարած Կոմիտաս Վարդապետի դիմանկարը: Պահը եզրափակուեցաւ Առաջնորդ Սրբազանի աղօթքով եւ «Կիլիկիա» մաղթերգի միահամուռ երգեցողութեամբ:

Close Menu

Categories