– «ԱԶԳ. ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐԸ 50,000 ՏՈԼԱՐԻ ՆՈՐ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ԶՕՐԱԿՑԻՆ ԱՐՑԱԽԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԻՔԱՒՈՐ ՀԱՏՈՒԱԾԻՆ», ԸՍԱՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ
Կիրակի, 28 Յունուար 2024-ի առաւօտեան, Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, նախքան Ս. Սարգիս տօնին նուիրուած Սրբազան արարողութիւն, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս Տօնոյեան, Փասատինայի նոյնանուն եկեղեցւոյ մէջ ընդունեց Արցախի նախկին պետական նախարար Տիար Արտակ Բեգլարեանը եւ մարդկային իրաւունքներու գծով քաղաքագէտ Տիար Գեղամ Ստեփանեանը, ընկերակցութեամբ Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Տիար Աւօ Քէշիշեանի եւ անդամներու, ինչպէս նաեւ՝ Լոս Անճելըսի Հայ իրաւաբաններու ընկերակցութեան ատենապետ՝ Տիար Սթիւ Տէտէեանի եւ անդամներու:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան արցախահայութիւնը յուզող հարցեր, միշտ յոյս յայտնելով, որ տեղահանուած արցախահայութեան տագնապները բարւոք լուծումներու յանգին՝ համապատասխան մեր ժողովուրդի գերագոյն շահերուն եւ ի նպաստ մեր ազգի վիրաւոր հատուածին:
Այս ծիրէն ներս, ներկաները հանդէս եկան զանազան արտայայտութիւններով եւ փոխանակեցին կարծիքներ, իսկ Առաջնորդ Սրբազանը եզրափակեց հանդիպումը՝ հաւատալով, որ Արեւմտեան Ամերիկան իբրեւ կազմակերպ գաղութ եւ ի մասնաւորի Արեւմտեան Թեմը՝ իր եկեղեցիներով ու դպրոցներով, պիտի շարունակեն եզակի աշխատանք տանիլ՝ արցախահայութեան համար անհրաժեշտ կարգ մը ծրագիրներ հովանաւորելով ու զանոնք կեանքի կոչելով:
Հանդիպման աւարտին՝ իբրեւ գործնական արտայայտութիւն, Առաջնորդ Սրբազանը ըսաւ, որ յանուն Ազգային վարժարաններու, այս նպատակին համար հանգանակուած յիսուն հազար ($50,000) տոլար, Հայրապետական Աթոռ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ճամբով շուտով պիտի տրամադրուի արցախահայութեան, ի խնդիր արցախահայութեան որոշ կարիքներու բաւարարման: