
Շաբաթ, 28 Սեպտեմբերի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, օրհնութեան խօսքով իր մասնակցութիւնը բերաւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկի նախաձեռնած «Ուս հարթակ» ծրագիրի առցանց վերամուտին, որ տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Թեմի Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ մարմինի գործակցութեամբ:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բացումը կատարեց ձեռնարկին եւ քննական ակնարկով մը բացատրեց, որ այսօր աշխարհի վրայ ոչ թէ արեւմտահայերէն լեզուն, այլ նոյնինքն արեւմտահայու ազգային ինքնութիւնն է, որ վտանգուած է, հետեւաբար նաեւ լեզուն, աւանդութիւններն ու ընդհանրապէս՝ արեւմտահայ մշակոյթը, ապա անդրադարձաւ արեւմտահայերէնի կիրակման եւ տարածման կարեւորութեան, «որպէսզի լեզուի ճամբով նորահաս սերունդներ հաղորդ դառնան ազգային ոգիին եւ գիտակցին իրենց ինքնութեան», նշեց ան:
Գեղամ Արքեպիսկոպոս իր խօսքի աւարտին նաեւ գնահատեց Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնադրամի ցուցաբերած ուշադրութիւնը՝ աշխարհի զանազան անկիւններու հայ գաղութներու կեանքին մէջ արեւմտահայերէնի գործածութիւնն ու հայախօսութիւնը շարունակելի դարձնելու, այլեւ արդիական խաղերով ու տարբեր մեթոտներով արեւմտահայ ինքնութիւն ու բարբառ իրարու ագուցուած պահելու, որպէսզի անհետ չկորսուին արեւմտահայ մշակոյթ ու ժառանգութիւն:
Յայտնենք, որ «Ուս Հարթակ»ը կը նպատակադրէ Սփիւռքի հայերէնաւանդ ուսուցիչներու վերապատրաստութիւն, հայկական վարժարաններու մէջ հայերէնի ուսուցման արդիւնաւէտութեան բարձրացում, ժամանակակից արդի միջոցներու օգտագործում՝ առցանց հանդիպումներու ճամբով:
«Ուս հարթակ» ծրագիրը պիտի տեւէ մինչեւ Յունիս 2025, Շաբաթ օրերը, ամսական երկու հանդիպում՝ իւրաքանչիւրը երկու ժամ դրութեամբ: