Skip to main content
search
Uncategorized

Առաջնորդ Սրբազանը Նախագահեց Վերջին Արեւագալի Արարողութեան Էնսինոյի Մէջ

By April 30, 2023April 30th, 2024No Comments

Չորեքշաբթի, 29 Մարտ 2023-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցաւ Մեծ Պահոց Արեւագալի վերջին արարողութիւնը: Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, նախագահեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ վերջին Արեւագալի արարողութեան, իր կողքին ունենալով Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեանը եւ եկեղեցւոյ Սարկաւագաց դասը:

Արեւագալի վերջին արարողութեան ներկայ եղան Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի տնօրէնուհին, աւարտական դասարանի աշակերտներն ու իրենց դաստիարակները, որոնք Առաջնորդ Սրբազանի պատգամին ընդմէջէն հաղորդ դարձան Սուրբ հայրերու երկնումով արարուած եկեղեցական դարաւոր շարականներու ոգեշնչող արժէքին եւ Աւագ Շաբթուան խորհուրդին:

Օրհնելէ ետք եկեղեցին լեցուցած աշակերտները, դաստիարակներն ու հաւատացեալ ժողովուրդը, Թորգոմ Եպիսկոպոս Յիսուսի կեանքի վերջին օրերը պարզաբանեց իբրեւ մարդկութեան փրկութեան դժուարագոյն բայց ամենանուիրական ճամբան, որուն աւարտին Յարութեան շէնշող խորհուրդն է, որ պիտի փայլի աշխարհի երկնակամարին վրայ՝ իբրեւ Ս. Զատիկ եւ «մահ»ը կեանքո՛վ յաղթած հոգիներու վերապրումի երկնային խրախճանք, նշեց ան:

Արեւագալի արարողութենէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը մասնակցեցաւ եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան պատրաստած Մեծ Պահոց Սիրոյ սեղանին, որուն ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր:

Close Menu

Categories