
Չորեքշաբթի, 9 Ապրիլ 2025-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցաւ Մեծ Պահոց արեւագալի վերջին արարողութիւնը: Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան նախագահեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ վերջին արեւագալի արարողութեան, իր կողքին ունենալով Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեանը եւ եկեղեցւոյ սարկաւագները:
Արեւագալի վերջին արարողութեան ներկայ եղան շրջանի Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի տնօրէնուհին ու աւարտական դասարանի աշակերտները եւ հաւատացեալ ժողովուրդ:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր հոգեպարար պատգամին իբրեւ բնաբան ընտրած էր աւետարանական հետեւեալ համարը. «Ձեր հարստութիւնը մի՛ դիզէք երկրի վրայ, ուր ցեցն ու ժանգը կը փճացնեն եւ կամ գողերը պատդ քանդելով ներս կը մտնեն ու կը գողնան զայն։ Այլ ձեր հարստութիւնը դիզեցէք երկինքի մէջ…» (Մտ 6.19-20)։ Սրբազանը վեր առնելով «հարստութիւն» հասկացութիւնը, բացատրեց որ մարդիկ տարբեր ձեւով կ՛ընկալեն հարստութիւնը։ Ոմանց համար հարստութիւնը զօրութեան ցուցանիշ է, ուրիշներ զայն կը մսխեն ժամանակաւոր հաճոյքներու վրայ։ Մարդիկ ալ կան, որոնք իրենց գերագոյն հարստութիւնը կը համարեն իրենց ընտանիքն ու զաւակները։ Սրբազան Հայրը խորհուրդ տուաւ կառչիլ անժամանցելի եւ անկորնչելի հարստութեան, որ աշխարհին չի պատկանիր, չի փճանար եւ իր արժէքը երբեք չի կորսնցներ։
Գեղամ Արքեպիսկոպոս ներկայ աշակերտներուն բացատրեց, որ եկեղեցին, հայ դպրոցը եւ նոր սերունդը հայ ժողովուրդի գերագոյն արժէքներն են, որոնք մեր ազգի լինելութեան առհաւատչեան, անժանգ գանձերն են եւ ապա յորդորեց տէր կանգնիլ մեր ժառանգութեան, մշակոյթին, լեզուին ու հաստատութեանց։
Յայտնենք, որ յետ եկեղեցական արարողութեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկայ գտնուեցաւ Տիկնանց միութեան կողմէ պատրաստուած «Սիրոյ սեղան»ին։