Կիրակի, 4 Դեկտեմբեր 2022-ի առաւօտեան, նախագահութեամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ Ս. եւ անմահ Պատարագ մատուցեց եւ աւուր պատշաճի քարոզեց Հովիւ՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան: Արարողութեան աւարտին սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Առաջնորդ Սրբազանը եւ բարի մաղթանքներ յղեց բոլորին:
Արարողութեան ներկայ էին Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան, շրջանի պատկան մարմինի ու Հոգաբարձութեան անդամներ, Ազգ. երեսփոխաններ, Ազգ. Ռոզ եւ Ալեքս Փիլիպոս վարժարանի տնօրէնութիւնն ու միութեանց, կազմակերպութեանց եւ Ասպարէզ օրաթերթի ներկայացուցիչներ, բարերարներ եւ բարեկամներ, որոնք, յաւարտ Ս. Պատարագի, Առաջնորդ Սրբազանի շքերթին հետեւելով ուղղուեցան դէպի եկեղեցւոյ սրահ, ուր տեղի ունեցաւ Սիրոյ ճաշ, որուն ընթացքին Առաջնորդ Սրբազանը դրուատանքով արտայայտուեցաւ Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեանի անձին ու գործունէութեան մասին եւ ընդգծեց անոր հոգեւոր ու ազգային ծառայութիւնը՝ ընդհանրապէս Հայ Եկեղեցւոյ եւ յատկապէս Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ ու համայնքի կեանքէն ներս եւ քահանայ ձեռնադրման ու օծման 40-ամեակին առիթով անոր շնորհեց յատուկ Օրհնութեան Գիր, որուն ընթերցումը կատարեց Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան, ապա Հոգաբարձութեան անունով լանջախաչ մը անցուց յոբելեար Քահանային վիզէն:
Սրտի ջերմ խօսքերով լեցուեցաւ պահը, երբ ներկայացուցիչներէն շատեր իրարու ետեւէ շնորհաւորեցին Տէր Վիգէնը, որ իր կարգին խօսք առնելով՝ երախտագիտական իր զգացումներն ու շնորհակալական խօսքերը ուղղեց Առաջնորդ Սրբազանին, Հոլիվուտի հայ համայնքի, դպրոցի, միութեանց եւ լրատուութեան ներկայացուցիչներուն ու առատաձեռն բարերարներուն, որոնց նուիրատուութեանց շնորհիւ նոր թափով կը շարունակուին Մայր եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները, ապա հատեց ծառայական իր կեանքի 40-րդ տարեդարձին նուիրուած կարկանդակը:
Յայտնենք, որ Ազգ. Ռոզ եւ Ալեքս Փիլիպոս վարժարանի խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր, իսկ հանդիսավարութիւնը կատարեց Տիար Մանուկ Սերայտարեան: