Skip to main content
search
Uncategorized

Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Եւ Անմահ Պատարագ Մատոյց Ս. Տրդատ Եւ Ս. Աշխէն Մատրան Անուանակոչութեան Տօնին Առիթով

By May 1, 2023May 1st, 2024No Comments

– ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ

Կիրակի, 2 Յուլիս 2023-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Ազգ. Առաջնորդարանի Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն մատրան անուանակոչութեան տօնին առիթով Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց նոյնանուն մատրան մէջ: Ս. Խորանին սպասարկեցին շրջանի Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան եւ Արժ. Տ. Արսէն Քհնյ. Գասապեան, սարկաւագներ եւ դպիրներ: Ս. Պատարագի հիասքանչ երգեցողութիւնը ղեկավարեց դպրապետ Պերճ Քիրազեան:

Առաջնորդ Սրբազանը փառք ու գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, ապա շնորհաւորական խօսքերով նշեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ընտրութեան ու օծման 28-րդ ամեակը եւ այս առիթով կատարած Հայրապետական մաղթանքէն ետք ուրախութեամբ յայտարարեց, որ շուտով գործել պիտի սկսի Լա Քրեսենթայի մէջ հայկական նոր եկեղեցին՝ Ս. Հրեշտակապետացը, յոյս յայտնելով, որ Աստուծոյ այս նոր Տունը յատկապէս շրջանի հայութեան կեանքէն ներս բիւր օրհնութեանց նոր դուռ հանդիսանայ:

Իր խօսքի աւարտին Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց ներկաները, գնահատեց Հոգաբարձական կազմը եւ բոլոր նուիրեալները, որոնք սատար կը կանգնին Հայ Եկեղեցւոյ պայծառութեան:

Յայտնենք նաեւ, որ Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ նոյն օրը տեղի ունեցաւ Հայրապետական մաղթանք, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան եւ օծման 28-րդ տարեդարձին առիթով:

Close Menu

Categories