Երկուշաբթի, 12 Փետրուար 2024-ի առաւօտեան ժամը 9-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի անունով, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան, ներկայ եղաւ ԹՈՒՄՕ արհեստագիտութեանց կազմակերպութեան Ամերիկայի տարածքին առաջին կեդրոնի հիմնարկէքի արարողութեան, Լոս Անճելըսի մէջ:
Այս առիթով, Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան բացման աղօթք կատարեց Հայ Հոգեւոր Առաջնորդներու կողքին, որոնք միասնաբար օրհնեցին ԹՈՒՄՕ-ի նոր տարածքը եւ փոխանցեցին իրենց բարի մաղթանքները: