Ուրբաթ, 1 Մարտ 2024-ի առաւօտեան, յանուն Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան մասնակից դարձաւ ամէնամեայ «Կանանց Համաշխարհային Աղօթքի Օր»ուան արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ Փասատինայի Հայ Նազովրեցի եկեղեցւոյ մէջ:
Այս առիթով Հայր սուրբը ներկաներուն փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր սրտագին ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները եւ իր սրտին խօսքին ընդմէջէն վեր առաւ կարեւորութիւնը նման աղօթական հաւաքներու՝ դիտել տալով, որ ներկայ աշխարհը լեցուն է անհամար ցաւերով, գաղթականներով, մարդկային ու հողային կորուստներով, իսկ այս բոլորին համար՝ իւրաքանչիւր անհատ պէտք է որ աղօթքի եւ աշխատանքի ճամբով իր ներդրումը ունենայ՝ Աստուծոյ արքայութիւնը երկրի վրայ իրագործելու եւ համայն մարդկութեան համար յոյսի եւ լոյսի փարոս դառնալու, շեշտեց ան: