Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Այցելեց Ազգային Մեսրոպեան Վարժարան – Փիքօ Ռիվերա

By November 8, 2024November 19th, 2024No Comments

Երեքթաբթի, 29 Հոկտեմբեր 2024-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, այցելեց Ազգ. Մեսրոպեան վարժարան, ուր ընդունուեցաւ Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Հոգեւոր տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանի, վարժարանի տնօրէնուհիին, Ռան եւ Գոհարիկ Գաբրիէլ մանկամսուրի վարիչ Տիկին Անգին Իսկաճեանի, վարժարանի Ուսումնական մարմինի ատենապետ՝ Տիար Քրիս Կիւլճեանի եւ անդամներ Ժիրայր Փօլատեանի, Գոհարիկ Գաբրիէլի, Թամար Ուրիշեանի կողմէ: Վարժարանի աշակերտները եւս կարգով շարուած շրջափակին մէջ՝ սիրալիր ողջունեցին Առաջնորդի գալուստը:

Առաջին հերթին, Առաջնորդ Սրբազանը այցելեց Մանկամսուրի բաժինը, ուր սիրասուն փոքրիկները ներկայացուցին կարճ յայտագիր մը: Ապա Առաջնորդ Սրբազանը անցաւ վարժարանի մարզասրահ, ուր հաւաքուած էին մանկապարտէզէն մինչեւ 12-րդ կարգի բոլոր աշակերտները եւ սիրալիր ընդունեցին Առաջնորդ Սրբազանը եւ ներկայացուցին գեղեցիկ յայտագիր մը:

Յայտագրի աւարտին իր սրտի խօսքին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատանքի խօսքեր ուղղեց վարժարանի պատասխանատուներուն, տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ ծնողներուն եւ շեշտեց Ազգային վարժարաններու տեղն ու դերը հայ քրիստոնեայ աշակերտութեան հայեցի դիմագիծի պահպանման եւ մեր մատղաշ սերունդին մօտ հայու ոգին փոխանցելու մէջ, ապա յորդորեց աշակերտները տէր կանգնելու մեր ոսկեղնիկ լեզուին, անեղծ պահելու մեր հայ մշակոյթը եւ իրենց կարգին զայն փոխանցելու յաջորդ սերունդներու, յատկապէս բազում մարտահրաւէրներով լեցուն բարդ ու փոթորկալից սփիւռքի ներկայ ժամանակներուն մէջ:

Գեղամ Արքեպիսկոպոս նաեւ շրջեցաւ դասարաններ, մտերմօրէն զրուցեց տարբեր դասարաններու մատղաշ ու պատանի աշակերտներու հետ եւ իր հայրական օրհնութիւնները բաշխեց աշակերտներուն եւ անոնց դաստիարակներուն:

Նշենք նաեւ, որ Առաջնորդ Սրբազանը մտերմիկ մթնոլորտի մէջ սիրոյ սեղանի շուրջ՝ հիւրը եղաւ Մեսրոպեան վարժարանի հիւըընկալ ընտանիքին:

Close Menu

Categories