Հինգշաբթի, 2 Յունիս 2022-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ազգ. Լ. եւ Յ. Թաւլեան Մանկամսուր-մանկապարտէզի վարիչ՝ Տիկին Կարին Չուքատարեանի, Ուսումնական մարմինի ատենապետուհի՝ Տիկին Ռիթա Աւագեանի եւ անդամներ՝ Տեարք Ճօ Պաղտատլեանի եւ Շանթ Պապուճեանի: Անոնք եկած էին պաշտօնապէս խնդրելու Առաջնորդ Սրբազան Հօր հովանաւորութիւնը՝ Թաւլեան Մանկամսուր-մանկապարտէզի հիմնադրման 30-ամեակի ձեռնարկներուն:
Այս առիթով, Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց տնօրէնութեան եւ բոլոր նուիրեալներուն աշխատանքը՝ շեշտելով, որ հայ դպրոցը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս կեա՛նք բերող կառոյց մըն է, ապա յոյս յայտնեց, որ յարմարագոյն առիթի մը, Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ մեր ժողովուրդի ջանքերով, Լ. եւ Յ. Թաւլեան դպրոցը տարածքային իմաստով ծաղկունք ապրի, որպէսզի կարենայ աւելի մեծ թիւով աշակերտներ ընդունիլ իր հարկին տակ: