Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ընդունեց Այցելութիւնը Հայրենի Բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանի

By September 16, 2021June 2nd, 2024No Comments

Չորեքշաբթի, 15 Սեպտեմբեր 2021-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան Ազգային Առաջնորդարանի մէջ ընդունեց այցելութիւնը հայրենի բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանի, որ այս օրերուն Լոս Անճելըս կը գտնուի՝ ներկայ ըլլալու համար «Դրախտի դարպաս» (‘Gate to Heaven’) խորագրեալ իր նոր՝ արցախեան քառօրեայ պատերազմի օրերէն քաղուած դրուագի մը պատումը կատարող ժապաւէնին անդրանիկ դիտումին: Այս առիթով, բեմադրիչ Աւետիսեան պաշտօնապէս հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը՝ «Դրախտի դարպաս»ի առաջին ցուցադրութեան: Սոյն հանդիպման ներկայ էին նաեւ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան եւ հայրենի բեմադրիչի անձնակազմէն անդամներ՝ Նարինէ Ոսկանեան եւ Ատրինէ Միրզայեան:

Տեսակցութեան ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց բեմադրիչ Աւետիսեանի՝ եօթներորդ արուեստի մշակոյթէն ներս արձանագրած յաջողութիւնները: Յատկապէս դրուատանքով արտայայտուեցաւ հայրենի բեմադրիչին՝ միջազգային ֆիլմարուեստի ոլորտէն ներս հայկականը եւ ի մասնաւորի Արցախը, հայոց պատմութիւնն ու հայկական քաղաքակրթութիւնը ի ցոյց հանելու անոր մասնագիտական ճիգին մասին:

Զրոյցը ընդգրկեց նաեւ հայրենի ներկայ իրավիճակին եւ Արցախի յետ-պատերազմեան առօրեայի մասին անդրադարձներ: Բեմադրիչ Աւետիսեան պատմեց իր անձնական փորձառութիւններէն եւ Սրբազան Հօր փոխանցեց հայոց բանակի մեծ թիւով զինուորներու՝ վերջին պատերազմի օրերուն եւ անկէ ետք կրած ֆիզիքական եւ հոգեբանական վնասներուն մասին: Դառն իրականութեան լոյսին տակ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յոյս յայտնեց, որ «Դրախտի դարպաս»ին միջոցաւ լոյսի նոր շող մը արձակուի ոչ միայն Արցախի եւ արցախահայութեան, այլեւ համայն հայութեան վրայ:

Հանդիպման աւարտին հայրենի բեմադրիչը Առաջնորդ Սրբազան Հօր ուղղեց երախտիքի ջերմ խօսքեր, Ազգային Առաջնորդարանի կողմէ իրեն ցուցաբերուած աջակցութեան համար եւ ներկայացուց յառաջիկայ օրերուն շրջանէն ներս իրագործելիք իր ծրագիրները:

Յայտնենք, որ «Դրախտի դարպաս» երկլեզու ժապաւէնի առաջին դիտումը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 17 Սեպտեմբեր 2021, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Կլենտէյլի «Ալեքս» հանդիսասրահին մէջ:

Close Menu

Categories