Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր էջ (Լուրերու լուսարձակ)Գլխաւոր ԼուրերԼուրերու լուսարձակ

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ընդունեց Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Շրջանի Նորընտիր Կեդրոնական Կոմիտէն

By July 12, 2024No Comments

Երկուշաբթի, 8 Յուլիս 2024-ի երեկոյեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնը Հ.Յ.Դ. Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի նորընտիր Կեդրոնական կոմիտէին, գլխաւորութեամբ ներկայացուցիչ՝ Տիար Կարօ Մատէնլեանի:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու Կեդր. կոմիտէն երկուստեք շնորհաւորական մաղթանքներ փոխանակելէ ետք, Գեղամ Արքեպիսկոպոս յաջողութեան ջերմագին մաղթանքներ փոխանցեց բոլորին, յառաջիկայ շրջանի իրենց գործունէութեան մէջ:

Ազգային վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեան, յանուն Ազգային վարչութեան բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն, հայ ազգի տան մէջ:

Հանդիպման ընթացքին ծաւալեցաւ զրոյց Հայրենիքի ու Սփիւռքի հայութեան ներկայ իրավիճակին ու յատկապէս Գալիֆորնիոյ հայութեան բազմաշերտ կարելիութեանց մասին՝ կրթականէն մինչեւ եկեղեցաշինական, ազգայինէն մինչեւ համահայկական:

Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գոհունակութիւն յայտնեց Սփիւռքի ամէնէն հայահոծ շրջանի գաղութային կեանքը բնականոն հուն վերադաձնելու նպատակով տարուած ջանքերուն առիթով եւ շեշտեց՝ միասնականութեան, իրարօգնութեան ու խաղաղարար ոգիով գործակցաբար յառաջ ընթանալու անհրաժեշտութիւնը՝ հայրաբար թելադրելով, որ գաղութին մէջ գործող իւրաքանչիւր մարմին կամ միաւոր ի՛ր իսկ առաքելութեան ծիրէն ներս իր ներդրումը պէտք է բերէ նոր ժամանակներու պահանջներէն թելադրուած եւ արդիական մեթոտներով:

Close Menu

Categories