Չորեքշաբթի, 17 Մարտ 2021ին Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ` Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնը Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Սմբատ Վրդ. Սապունճեանի եւ Հոգաբարձութեան ատենապետ տիար Ռոստոմ Այնթապլեանի: Հանդիպման աւելի ուշ միացաւ Ազգային վարչութեան ատենապետ տիար Վահէ Յովակիմեան:
Այցելուները առաջին հերթին իրենց բարեմաղթութիւնները փոխանցեցին Սրբազան Հօր եւ անձամբ շնորհաւորեցին անոր ընտրութիւնը Արեւմտեան Թեմի առաջնորդական պաշտօնին, ապա արտասանուած սրտի խօսքերու ընդմէջէն իրենց ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեցին Սրբազան Հօր ծրագիրներուն եւ այս առիթով, յանուն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ, տասը հազար տոլար ($10,000) դրին անոր տրամադրութեան տակ: Սրբազան Հօր տնօրինումով այս գումարը պիտի յատկացուի Արեւմտեան Թեմէն ներս հայ հոգեւորականի պատրաստութեան նշանակալից նպատակին:
Ներկայացնելէ ետք հայ համայնքէն ներս եկեղեցւոյ ճամբով ի գործ դրուած աշխատանքները, այցելուները նաեւ շնորհակալ եղան Սրբազան Հօր, որ յառաջիկայ շաբաթավերջին 20, 21 Մարտ 2021ին իր հովուական անդրանիկ այցելութիւնը պիտի շնորհէ Սան Ֆրանսիսքոյի հայ համայնքին:
Փոխադարձաբար, Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց այցելուներուն եւ գնահատեց անոնց ծառայութիւնը ի սպաս Հայ Եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ համայնքային կեանքի բարեզարդման: