Ընդառաջելով Ամերիկայի Յոյն Օրթոտոքս Էլփիտոֆորոս Արքեպիսկոսի հրաւէրին, Երեքշաբթի 2, Չորեքշաբթի, 3 Յուլիս 2024-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր տեսուչ՝ Բարշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեանի, ներկայ եղաւ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ եւ անոր հովանիին տակ գործող եկեղեցիներու կղերական դասուն ու աշխարհիկ անձնաւորութիւններու նուիրուած համաժողովին (The 47th Biennial Clergy-Laity Congress of the Greek Orthodox Archdiocese of America ), որ տեղի ունեցաւ Սան Տիեկոյի «Շերաթըն» պանդոկին մէջ:
Սոյն համաժողովը բարեպատեհ առիթ հանդիսացաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ հանդիպելու իր վաղեմի բարեկամ Էլփիտոֆորոս Արքեպիսկոպոսին, որ առաջին հերթին շնորհաւորեց Գեղամ Արքեպիսկոպոսի Առաջնորդ ընտրութիւնը եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց՝ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ ծաւալելու միջ-եկեղեցական արդիւնաւէտ գործունէութիւն:
Այս առիթով Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նաեւ մասնակցութիւն բերաւ երկօրեայ համաժողովի ընթացքին տեղի ունեցած Ս. եւ անմահ Պատարագին եւ մօտէն շփուեցաւ Հոգեւոր պետերու հետ, որոնց հետ նաեւ սերտ գործակցութեան ստեղծման հնարաւորութիւններու մասին խորհրդածութիւններ կատարեց:
Գեղամ Արքեպիսկոպոս նաեւ ներկայ եղաւ ընդհանրապէս Քրիստոնեայ եւ յատկապէս Ուղղափառ եկեղեցին շահագրգռող քննարկման նիստի մը, ինչպէս նաեւ՝ շրջանին մէջ կազմակերպուած յունական ազգային եւ յեղափոխական համերգի մը, որով նշուեցաւ թրքական ուժերու Կիպրոս ներխուժման 50-րդ տարին: Համերգէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը տեսակցեցաւ Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ Արեւմտեան ափի Եպիսկոպոս՝ Տէր Երասիմոսի հետ, որուն հետ զրուցելու պահուն Գեղամ Արքեպիսկոպոս փափաք յայտնեց՝ Սան Ֆրանսիսքօ իր այցելութեան ընթացքին այցելել Ուղղափառ Առաջնորդին:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նաեւ տեսակցեցաւ Լոս Անճելըսի մէջ Կիպրոսի եւ Յունաստանի Ընդհ. Հիւպատոսներուն հետ, որոնք դրուատանքով արտայայտուեցան հայ ժողովուրդի մասին եւ փափաք յայտնեցին այցելել Ազգ. Առաջնորդարան: