
Շաբաթ, 4 Յունուար 2025-ի ուշ երեկոյեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան նախագահեց Կլենտէյլի մէջ գործող Իրաքահայութեան Երիտասարդաց միութեան Ամանորեայ խրախճանքին, որուն ներկայ եղան նաեւ Ազգային բարերար՝ Տէր եւ Տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններ:
Այս առիթով, Գեղամ Արքեպիսկոպոս դրուատիքով անդրադարձաւ իրաքահայութեան ազգային աւանդապահ ապրելաձեւին ու հայկական նկարագիրին, դրուատեց իրաքահայութեան կեանքին մէջ առանցքային տեղ գրաւող հայեցի դաստիարակութեան կարեւորութիւնը, ապա իր ուրախութիւնը յայտնեց այն մասին, որ հայկական ոգեղէն արժէքներու սերունդէ սերունդ աւանդումը հայութեան այս հատուածը կը կատարէ նախանձախնդրօրէն եւ լրջութեամբ:
Իր խօսքի աւարտին, Գեղամ Արքեպիսկոպոս շնորհաւորեց Միութեան անդամներուն եւ համայն իրաքահայութեան Կաղանդն ու Ամանորը եւ իր հայրական օրհնութիւններն ու նորանոր յաջողութեանց բարեմաղթանքները բաշխեց անոնց: