
Չորեքշաբթի, 22 Յունուար 2025-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ Հոգեւորականաց դասուն, Ս. Ծննդեան տօնին առիթով այցելեց Հայ Տարեցներու Արարատ տուն (Միշըն Հիլզ), շնորհաւորեց պատասխանատուներուն եւ իւրաքանչիւր պապիկի-մամիկի Ամանորն ու Ս. Ծնունդը եւ խրախուսեց զանոնք՝ Յիսուսի Քրիստոսով յաւիտենական կեանքը ժառանգելու քրիստոնէական ջերմեռանդութեամբ:
Իր խօսքը ուղղելով տարեցներուն, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց իւրաքանչիւրին նուիրուածութիւնն ու անձնազոհութիւնը իրենց ընտանիքին, շրջապատին ու ազգին՝ ըսելով. «Դուք ձեր երիտասարդութեան, մեծ դեր խաղացած էք իբրեւ հայ ծնողներ, քոյրեր ու եղբայրներ ե՛ւ մեր ընտանիքներու առողջ աճման ու ապահով կեցութեան կարեւոր գործին մէջ, ե՛ւ ազգային իմաստով՝ ձեր զաւակներուն ու թոռներուն հայկական ոգի ու նկարագիր ջամբելու առումով եւ ի կեանս պահելով մեր ազգի դարաւոր աւանդութիւնները»:
Այս առիթով նաեւ ան անդրադարձաւ Կիլիկիոյ Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի կողմէ 2025 տարեշրջանը աւանդութիւններու տարի հռչակման երեւոյթին եւ տարեցներուն փոխանցեց Արամ Ա. Վեհափառի հայրապետական ողջոյնները, ապա անոնցմէ խնդրեց, որ հանգիստի ներկայ օրերուն մէջ, իրենց աղօթքներուն մէջ յիշեն նաեւ այսօրուան երիտասարդ ծնողները եւ աղօթեն անոնց համար, որպէսզի իրենց նման՝ հայ նոր ծնողները եւս լիուլի կատարեն իրենց ուսերուն դրուած ծնողական ծանր պարտականութիւններն եւ իրենց զաւակներուն ջամբեն հայեցի դաստիարակութիւն, պահպանեն հայկական աւանդութիւններն ու գեղեցիկ սովորութիւնները եւ փոխանցեն իրենց զաւակներուն:
Այնուհետեւ, Հոգեւորականաց թափօրը շրջեցաւ նաեւ հայ տարեցներու ապաստանարանին հիւանդանոցային եւ բնակարանային զոյգ բաժինները, ուր Գեղամ Արքեպիսկոպոսի գլխաւորութեամբ եւ եկեղեցական շարականներու ներքոյ Հոգեւոր հայրերը կատարեցին ե՛ւ տնօրհնէքի, ե՛ւ ջրօրհնէքի արարողութիւն, հայ շնորհալիազարդ տարեցներուն մատուցելով Աստուածորդի Մանուկ Յիսուսի ծննդեան դրուագին նուիրուած աղօթական հոգեպարար պահեր:
Հուսկ, կառոյցի տնօրէն տիար Տէրիք Ղուկասեան շնորհակալական խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ ուղեկից Հայրերուն, ապա կատարեց հիւրասիրութիւն: