Չորեքշաբթի, 20 Նոյեմբեր 2024-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան անդրանիկ այցելութիւն մը տուաւ Ազգ. Ֆերահեան Երկրդ. վարժարան եւ ջերմօրէն ընդունուեցաւ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեանի, վարժարանի Ուսումնական մարմինի ատենապետ՝ Տիար Վահէ Պէնլեանի, Տնօրէնուհի՝ Տիկին Սօսի Շանլեանի եւ աշակերտութեան կողմէ:
Այս առիթով գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը տեղի ունեցաւ վարժարանի մարզասրահին մէջ, ուր բազմահարիւր աշակերտներ հանդէս եկան հայկական պարով, երգով ու ասմունքով եւ իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր, իրենց կրթական օճախին տուած առաջին այցելութեան համար:
Գեղամ Արքեպիսկոպոս, իր կարգին, իր ողջոյնները փոխանցեց եւ ապրած ցնծութեան մասին արտայայտութիւն կատարեց զինք շրջապատող մեծաթիւ աշակերտութեան, ապա աշակերտներուն ուղղելով իր սրտի խօսքը՝ հայեցի նկարագիր ու ինքնութիւն ամուր պահելու կոչ հնչեցուց եւ հայօրէն ապրելու ու հայկականութեամբ հպարտանալու յորդորներով համեմեց իր խորհրդածութիւնը, որուն ընդմէջէն ան միաժամանակ գնահատեց վարժարանի մեծ ընտանիքին բոլոր անդամները՝ իբրեւ համայնքին եւ հայ ազգին գոյութիւնը իմաստաւորող առանցքային ներկայութիւն Էնսինոյի շրջանին մէջ:
Պաշտօնական բաժինէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շրջագայեցաւ վարժարանին դասարանները եւ հաճելի զրոյց ունեցաւ աշակերտներուն հետ, որոնց փոխանցեց նաեւ իր հայրական բարեմաղթութիւններն ու սրտագին օրհնութիւնները:
Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ճաշի հիւրը եղաւ եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան եւ վարժարանի Տնօրէնութեան: