Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Արեւմտեան Թեմէն Ներս Հոգեհանգիստ Կատարուեցաւ «Սուրմալու»-Ի Զոհերու Հոգւոցն Խաղաղութեան Համար – Նոր Միւռոնով Ջրօրհնէք Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Մէջ

By August 23, 2022May 31st, 2024No Comments

Կիրակի, 21 Օգոստոս 2022-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ Կիրակի մը առաջ, 14 Օգոստոսին, Երեւանի «Սուրմալու» առեւտրական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած պայթումին պատճառած անմեղ զոհերու հոգիներու խաղաղութեան համար:

Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, նոյն օրը նախագահեց Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր արարողութեան եւ Սրբալոյս նոր միւռոնով ջրօրհնէք կատարեց, ապա սրտառուչ պատգամ մը փոխանցեց եկեղեցին լեցուցած հաւատացեալներուն, որոնց շարքին էին շրջանի երեսփոխաններ, ազգային կառոյցներու եւ մարմիններու ներկայացուցիչներ:

Ս. խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան, սարկաւագներ եւ դպիրներ:

Հաւատացեալներ մեծ խանդավառութեամբ մասնակցեցան արարողութեան եւ համայն աշխարհի բժշկութեան, Հայաստանի ու Արցախի խաղաղութեան ու առողջ կեցութեան մաղթանքներով օրհնուած ջուրը հաւատքով տարին իրենց տուները:

Close Menu

Categories