
Ուրբաթ, 31 Յունուար 2025-ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ընդունեց բարեկամական այցելութիւնը Արցախի առաջին պատերազմէն մինչեւ մեր օրերը հայկական արծուեբոյնի պատմագրութեամբ զբաղող պուլկարացի վաւերագրող եւ ֆիլմ արտադրող լրագրողուհի Ցւետանա Պասկալեւայի, ընկերակցութեամբ Տիար Սամուէլ Ամիրաղեանի:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Տիկին Պասքալեւայի հետ բարեկամական ծանօթութիւն մշակած է Լիբանանի առաջնորդութեան տարիներուն, երբ ան հայաշատ գաղութներ կը շրջագայէր եւ հրապարակային դիտումի կ՛արժանացնէր Արցախի Պահանջատիրութեան նուիրուած իր վաւերագրական ժապաւէնը: Օրին, Գեղամ Արքեպիսկոպոս, իր կարգին, պուլկար լրագրողուհին հրաւիրած է Լիբանան, կազմակերպած է հրապարակային դիտում, ապա զայն պարգեւատրած «Խրիմեան Հայրիկ» շքանշանով:
Իբրեւ հին բարեկամներ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու ֆիլմ արտադրողը Ազգ. Առաջնորդարանի մէջ ունեցան մտերմիկ զրոյց, որուն ընթացքին Գեղամ Արքեպիսկոպոս գնահատեց Տիկին Պասքալեւայի աւելի քան 30-ամեայ գործունէութիւնը յանուն Ղարաբաղեան հարցի բարձրաձայնման եւ արցախահայութեան իրավիճակի բացայայտման՝ անցեալ դարու վերջին տասնամեակին բռնկած արցախեան պայքարի օրերէն եւ մինչեւ այսօր:
Ժողովուրդներու արդար պայքարին նուիրեալ պուլկարուհի լրագորղուհին իր ուրախութիւնը յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր հետ վերահանդիպման համար, ապա շնորհաւորեց անոր Առաջնորդ ընտրութիւնը Արեւմտեան Թեմին: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հայասէր պուլկարուհիին Լոս Անճելըսի շրջան այցելութիւնը յարմար առիթ նկատեց, որ ան, Ազգ. Առաջնորդարանի Խնամակալ մարմինի դասաւորումով, նաեւ այցելէ Ազգային վարժարաններ եւ Արցախի ու արցախահայութեան մասին զրոյց ունենայ աշակերտական խումբերու հետ, իր անհատական վկայութիւններն ու մասնագէտ վաւերագրողի փորձառութիւնը բաժնելու համար աշակերտներուն հետ:
Այնուհետեւ, Գեղամ Արքեպիսկոպոս օրհնեց հայանպաստ գործունէութիւն վարող պուլկար լրագրողուհին, գնահատեց անոր բեղուն արտադրութիւնը եւ նորանոր նուաճումներ մաղթեց՝ Հայ Արցախի դատին նուիրուած անոր շնորհալի գրիչին ու ֆիլմարուեստին: