Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

«Արցախը Հայուն Գոյութեան Երաշխիքն Է». Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան – «Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Արցախի Վերականգնման Սիւներէն Մէկն Է». Ա. Բեգլարեան

By October 22, 2021June 14th, 2024No Comments

Հինգշաբթի, 21 Հոկտեմբեր 2021-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան Ազգային Առաջնորդարանի մէջ ընդունեց այցելութիւնը Արցախի պետական նախարար Արտակ Բեգլարեանի, ընկերակցութեամբ Արցախի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Յակոբեանի եւ Խնամակալ մարմնի անդամ Յասմիկ Պարանի:

Նախարար Արտակ Բեգլարեան իր լոսանճելըսեան շրջագայութեան համար մեկնարկ ընտրած էր Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը: Ան Առաջնորդ Սրբազան Հօր հետ հանդիպման ընթացքին գոհունակութեամբ արտայայտուեցաւ այս մասին եւ շնորհակալական խօսքեր ուղղեց Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանին ու Արեւմտեան Թեմին՝ ընդգծելով, որ Արցախի եւ հայոց բանակի ու նահատակներու ընտանիքներուն նկատմամբ իրենց ցուցաբերած ուշադրութիւնն ու բարոյական եւ նիւթական շարունակուող աջակցութիւնը մեծ նշանակութիւն ունի Արցախի եւ արցախցիին համար. «Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Արցախի սիւներէն մէկն է» ըսաւ ան՝ ընդգծելով Կիլիկիոյ Հայրապետական Աթոռի նշանակալի կարեւորութիւնը Արցախի վերականգնման գործընթացին մէջ:

Ծաւալեցաւ մտերմիկ զրոյց, որուն ընթացքին քննարկման առարկայ դարձան հայրենիքի ու հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները, տնտեսական եւ ընկերային կարիքները, միաժամանակ, արցախցի նախարարը հաղորդ դարձաւ Ազգային Առաջնորդարանի գործունէութեան, աշխատանքներուն եւ ի գործ դրած ծրագիրներուն:

Հանդիպման աւարտին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց Արցախի պետական այրերու եւ արցախի բնակիչներու անկախութեան դարաւոր ձգտումն ու այդ ճամբուն վրայ անոնց ցուցաբերած քաջարի կեցուածքը՝ նկատել տալով, որ պատերազմը լոկ արիւնալի հանգրուան մըն է, մինչ հայրենի հողը մնայուն արժէք է՝ մեր դարաւոր նախնիներէն հասած մեզի եւ մենք՝ իբրեւ ներկայ տէրերը այս սրբազան մասունքին, մեր պարտականութիւնն է զայն կտակել հետագայ դարերու հայ նոր սերունդներու: «Արցախը հայ անհատի գոյութեան երաշխիքն է այս աշխարհի մէջ», դիտել տուաւ Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան եւ իր սիրալիր խօսքի աւարտին նախարար Բեգլարեանը կոչեց «հայութեան կեանքին մէջ շրջող յոյս»:

Յայտնենք, որ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին էին Ազգ. Վարչութեան անդամներ Մհեր Տէր Յովհաննէսեան, Ճորճ Չորպաճեան եւ դոկտ. Գալուստ Ակոբեան:

Close Menu

Categories