Յուլիսին իր կատարած յարձակումներէն չբաւարարուած ու դժգոհ, Կիրակի, 27 Սեպտեմբեր 2020-ի առաւօտեան կանուխ ժամերուն Ազրպէյճանի իշխանութիւնները լայնածաւալ նոր յարձակում մը գործեցին Արցախի Հանրապետութեան ամբողջ սահմանագիծի երկայնքին, թիրախ դարձնելով անմեղ բնակչութիւնը եւս։ Մարտերը կը շարունակուին եւ ռազմական իրավիճակ յայտարարուած է Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։
Այսու խստօրէն կը դատապարտենք ծաւալապաշտ, թրքաբարոյ, հայատեաց ու ռազմատենչ այս յարձակումը, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնը՝ անտեսելով զինադադարի համաձայնագրութիւնները, անմարդկայնօրէն ի գործ կը դնէ ե՛ւ Արցախի, ե՛ւ Հայաստանի եւ ի սփիւռս աշխարհի՝ հայութեան եւ հայ կառոյցներու դէմ։ Ամբողջական զօրակցութիւն կը յայտնենք Հայաստանի եւ Արցախի պետութեանց, հայոց բանակին եւ հայրենի ժողովուրդին, սպասելով որ միջազգային գետնի վրայ եւս մեծ պետութիւնները սաստեն մարդկային իրաւունքներու դէմ գործադրուող նման յարձակումներ ու կանգնին՝ արդարութեան, եւ իր հայրենի հողերուն վրայ իր կեանքը շարունակող խաղաղասէր Արցախի ժողովուրդի կողքին։
Այս առթիւ, Կիրակի 27 Սեպտեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ «Տէր Ողորմեա»ի աղօթք բարձրացուեցաւ մեր նահատակ հերոսներու հոգիներու խաղաղութեան, վիրաւորներու շուտափոյթ ապաքինման, Հայոց բանակի հզօրացման եւ մեր ժողովուրդի ապահովութեան համար։
Կ’աղօթենք մեր հայրենի ժողովուրդի բարօրութեան համար եւ վստահ ենք, որ Վարագայ Ս. Խաչի տօնի առաւօտուն ի գործ դրուած այս յարձակումը, Ս. Խաչի ուժով պիտի ամրապնդէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն եւ արիասիրտ մեր զինուորներուն հաւատքը, եւ յոյս ներշնչէ՝ վերանորոգ կամքով դիմագրաւելու ատելավառ այս յարձակումը եւս մինչեւ խաղաղութեան վերահաստատում։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ