Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Ա.Մ.Նահանգներու Արեւմտեան Շրջանի Պաշտօնատար Անձանց Այցելութեանց Ծիրէն Ներս՝ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Առաջին Այցելութիւնը Կատարեց Հայաստանի Հանրապետութեան Լոս Անճելըսի Հիւպատոսութեան

By March 7, 2025No Comments

Ուրբաթ, 28 Փետրուար 2025-ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, շրջանի պաշտօնական եւ փրոթոգոլային հաստատութիւններու եւ անձնաւորութիւններու շնորհելիք այցելութեանց ծիրէն ներս, առաջին այցելութիւնը տուաւ Հ.Հ. Լոս Անճելըսի Հիւպատոսութեան եւ տեսակցեցաւ Գլխաւոր Հիւպատոս՝ Դոկտ. Կարէն Իսրայէլեանի հետ, ընկերակցութեամբ Ազգ. վարչութեան անդամ՝ Դոկտ. Գալուստ Ակոբեանի եւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Զարեհ Ծ. Վրդ. Սարգիսեանի:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ փոխադարձ առկայ գործակցութիւնը աւելի եւս սերտացնելու՝ յանուն ազգի, հայրենիքի ու գաղութներու, ըստ կարելւոյն բարին ու դրականը շատցնելու համար հայութեան կեանքին մէջ:

Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ծանօթացաւ նաեւ Հ.Հ. Հիւպատոսարանի բաժանմունքներուն, աշխատակազմին եւ իր բարի մաղթանքներն ու հայրական օրհնութիւնները բաշխեց բոլորին, ապա Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատմութեան գիրքն ու Ազգ. Առաջնորդարանի ապակեայ յուշանուէրը յաջողութեան ջերմ մաղթանքներով յանձնեց Հ.Հ. Գլխաւոր հիւպատոս՝ Տիար Դոկտ. Կարէն Իսրայէլեանի:

Close Menu

Categories