Skip to main content
search
Uncategorized

«Բանտարկեալին Աղօթագիրքը» Հրատարակեց Ազգային Առաջնորդարանը

By May 15, 2023May 15th, 2024No Comments

Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութեան անքակտելի մաս եւ բաժին կը կազմէ զանազան հարցերու պատճառով ոչ բարեբեր հանգամանքներու մէջ յայտնուած մեր ժողովուրդի հատուածը: Այս ծիրէն ներս, Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Թեմի Ազգային վարչութեան Կրօնական ժողովը, Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի գլխաւորութեամբ, տարբեր առիթներով կը ծրագրէ տեսակ-տեսակ ձեռնարկներ, որպէսզի առաւելագոյն չափով հասանելի դառնայ նաեւ հոգեւոր սնունդի կարօտ հայ բանտարկեալներու:

Արդարեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հօր հովանիին տակ Թեմի Քահանայ հայրեր, ղեկավարութեամբ Բարշ. Ռաֆֆի Սրկ. Կարապետեանի, կանոնաւոր կերպով հոգեւոր մատակարարութիւն կը բերեն՝ այցելելով բանտեր:

Առաջնորդ Սրբազան Հօր մտայղացումով եւ Ազգային Առաջնորդարանի հրակատարակութեամբ, ինչպէս նաեւ բարերարութեամբ Տիկին Յասմիկ Յովակիմեանի, այսօր, 21 Նոյեմբեր 2023-ին, լոյսին եկաւ երկլեզու եւ իր տեսակին մէջ եզակի աղօթագիրք մը՝ «Բանտարկեալին աղօթագիրքը», որ իր մէջ կ՛ամփոփէ նոր գրի առնուած կամ հին ժամանակներէ եկած զանազան աղօթքներ՝ առ ի մխիթարութիւն հայ բանտարկեալներու եւ բարիին մէջ ինքնահաստատում՝ կամայ թէ ակամայ բոլոր սայթաքողներու:

Close Menu

Categories