Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Բժիշկ, Փիլիսոփայական Գիրքերու Հեղինակ Սարգիս Քեհեաեան Այցելեց Ազգային Առաջնորդարան

By May 9, 2025No Comments

Երկուշաբթի, 5 Մայիս 2025-ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ընդունեց այցելութիւնը՝ նախկին հալէպահայ, ներկայիս գերմանաբնակ, Հալէպի Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարանի երբեմնի շրջանաւարտներէն բժիշկ, փիլիսոփայական գիրքերու հեղինակ եւ Հայաստանի ու Սփիւռքի մէջ դասախօսական ծրագիրներ իրականացնող մասնագէտ բժիշկ եւ բարոյագէտ փիլիսոփայ՝ Տիար Սարգիս Քեհեաեանի, ընկերակցութեամբ Ազգ. վարչութեան փոխ ատենապետ՝ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեանի, որ այցելու հիւրին դասընկերը եղած է Հալէպի մէջ:

Առաջնորդ Սրբազան Հօր հետ ծանօթացման այս հանդիպումը անցաւ սիրալիր ու մտերմիկ մթնոլորտի մէջ: Փոխադարձ ողջոյններէ ետք, Գեղամ Արքեպիսկոպոս նշեց, որ թէեւ վաղուց ի վեր ծանօթ եղած է բժիշկին անուան, սակայն անձնապէս ծանօթացումը հայ կեանքի զանազան բնագաւառներէ ներս իր ներդրումը բերած անուանի մասնգէտին եւ բարոյագիտական մարզը շահագրգռող գիրքերու հեղինակին հետ, նորովի արժեւորելու հնարաւորութիւն կ՛ընձեռէ իրեն, որ աւելի մօտէն ճանչնայ մարդն ու գործը: Յատկապէս ա՛յս իմաստով ան գնահատեց թանկագին հիւրը, որ իր կարգին, գոհունակութիւն յայտնեց հանդիպման համար եւ շնորհակալ ոգիով Առաջնորդ Սրբազանին նուիրեց իր «Բարոյագիտութիւն – փիլիսոփայական ակնարկ» ընդարձակուած տարբերակէն օրինակ մը՝ դիտել տալով, որ իր գիրքերը իբրեւ սկզբնաղբիւր կը ծառայեն ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Սփիւռքի մէջ բարոյագիտական եւ փիլիսոփայական մասնագիտութեանց հայ ուսանողներու եւ հայկական ակադեմական շրջանակներու համար:

Յայտնենք, որ բժիշկ Քեհեաեան աւելի քան 30 տարի Գերմանիոյ մէջ ստանձնած է աւագ բժիշկի պատասխանատու պաշտօններ եւ բժշկական համալսարաններու մէջ հանդէս եկած է մասնագիտական դասախօսութիւններով:

Այժմ՝ իբրեւ այցելու դասախօս եւ մասնագիտական գիրքերու հեղինակ իր ողջունելի ներդրումը կը բերէ նաեւ հայրենիքի եւ հայկական գաղութներու ուսումանական հաստատութիւններու կրթական կեանքէն ներս:

Close Menu

Categories