Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Գեղամ Արք. Խաչերեանի Առաջնորդ Ընտրութեան Առիթով Շնորհաւորական Եռօրեայ Ընդունելութիւնները Հասան Իրենց Աւարտին

By May 17, 2024June 18th, 2024No Comments

Չորեքշաբթի, 15 Մայիս 2024-ի երեկոյեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ Ազգային վարչութեան անդամներ` Տեարք Արա Շապանեանի եւ Սարգիս Թաթիկեանի, երրորդ եւ վերջին օրն ըլլալով Ազգ. Առաջնորդարանի մէջ յաջորդաբար ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնները «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագիրին, Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ մարմինի, Ազգ. Լ. եւ Յ. Թաւլեան մանկամսուրի վարիչին եւ ներկայացուցիչներու, Արեւմտեան Թեմի Կիրակնօրեայ վարժարաններու վերահսկող մարմինի հոգեւոր եւ աշխարհիկ պատասխանատուներու, Քրեսենթա Հովիտի Սրբոց Հրեշտակապետաց եւ Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաքելական եկեղեցիներու Ազգ. երեսփոխաններու, հոգաբարձութեանց ատենապետներու եւ անդամներու, կազմերու եւ մարմիններու ներկայացուցիչներու:

Ինչպէս նախորդ երկու օրերուն, երէկ եւս Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ծանօթացաւ այցելու իւրաքանչիւր միաւորի ստանձնած պարտաւորութեանց, կատարած աշխատանքին ու հետագայ ծրագիրներուն եւ իր հայրական ջերմ օրհնութիւններն ու մաղթանքները, խրատներն ու սիրալիր գործակցութեան բարի մտածումները բաշխեց բոլորին՝ վեր առնելով նոր սերունդներու հոգեւոր ու ազգային դաստիարակութեանց կարեւորութիւնը բոլոր տարիքներու հայ-քրիստոնեայ մարդոց կեանքին մէջ:

Այցելուները իրենց շնորհաւորական խօսքերուն ու շնորհակալ վերաբերումին մէջ նաեւ յիշեցին իրենց դիմագրաւած մարտահրաւէրները, դժուարութիւններն ու կարիքները, ապա Գեղամ Արք. Խաչերեանի գօտեպնդիչ խօսքերով հզօրացած մեկնեցան Ազգային Առաջնորդարանէն:

Յայտնենք, որ նորընտիր Առաջնորդ Սրբազանի ուղղուած պաշտօնական շնորհաւորութիւններու եռօրեայ այցելութիւնները թէեւ աւարտեցան, բայց եւ այնպէս ժամադրութիւն փափաքողներ կրնան կապուիլ Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանատուն, որ ըստ յարմարութեան պիտի դասաւորէ պարտն ու պատշաճը (հեռաձայն` 818-248-1278 կամ ել-նամակով՝ info@westernprelacy.org):

Close Menu

Categories