Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՊԱՏԳԱՄԸ
ՅՈՏՆԿԱՅՍ ԾԱՓԵՐՈՎ ՈՂՋՈՒՆՈՒԵՑԱՒ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ ԹՈՐԳՈՄ ԱՐՔ․ ՏՕՆՈՅԵԱՆԷՆ ՄԻԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ԽՆԴՐԷ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱԿԱՆ ՊԱՇՏՕՆԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼ
ԹՈՐԳՈՄ ՍՐԲԱԶԱՆ ԱՅՍ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻՆ ԻՐ ԹԵԿՆԱԾՈՒԹԻՒՆԸ
ՅԵՏՍ ԿԸ ԿՈՉԷ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱԿԱՆ ԵՌԱՆՈՒՆ ՑԱՆԿԷՆ
ԳԵՐՇ․ Տ․ ԳԵՂԱՄ Ս․ ԱՐՔ․ ԽԱՉԵՐԵԱՆ
ՁԱՅՆԵՐՈՒ ՄԵԾԱՄԱՍՆՈՒԹԵԱՄԲ Կ’ԸՆՏՐՈՒԻ
ՆՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ
«ԲՈԼՈՐԱՆՈՒԷՐ ՍՐՏՈՎ ԿԸ ԶՕՐԱԿՑԻՄ ՄԵՐ ՆՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻՆ՝ ՄԻԱԲԱՆԱԿԻՑ ԵՂԲՕՐՍ՝ ԳԵՂԱՄ ՍՐԲԱԶԱՆԻՆ»,
Կ’ԸՍԷ ԹՈՐԳՈՄ ԱՐՔ․ ՏՕՆՈՅԵԱՆ
Ուրբաթ, 19 Ապրիլ, 2024-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին ընթացք առաւ Ա․Մ․Ն․ Արեւմտեան Թեմի Ազգային Երեսփոխանական 51-րդ ժողովը (արտահերթ նիստ), նախագահութեամբ Առաջնորդ` Գերշ․ Տ․ Թորգոմ Ս․ Արք․ Տօնոյեանի, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ Աւետիսեան սրահին մէջ։
Միօրեայ ժողովին ընթացքին Թորգոմ Սրբազան իր թեկնածութիւնը յետս կոչելէ ետք, մասնակից հոգեւոր եւ աշխարհիկ երեսփոխաններ փակ քուէարկութեամբ կատարեցին նոր Առաջնորդի ընտրութիւն, որ կը պարզէ հետեւեալ պատկերը․ Գերշ․ Տ․ Գեղամ Ս․ Արք․ Խաչերեանը 27 ձայն, Գերպ․ Տ․ Միւռոն Ծ․ Վրդ․ Ազնիկեան՝ 7, ճերմակ քուէ՝ 6:
Այս առիթով, Թորգոմ Սրբազան յանուն Արեւմտեան Թեմին, շնորհաւորական խօսք արտասանեց եւ իր բոլորանուէր զօրակցութիւնը յայտնեց նորընտիր Առաջնորդ՝ Գերշ․ Տ․ Գեղամ Ս․ Արք․ Խաչերեանին եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր՝ իր աստուածահաճոյ եւ ազգանուէր առաքելութեան մէջ։
Մանրամասնութիւնները՝ յաջորդիւ։
ԴԻՒԱՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ