
Կիրակի, 26 Մարտ 2023-ի առաւօտեան, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի «Չարչարանաց եւ մուտն ի վիրապ» տօնին առիթով, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց եւ մատաղի օրհնութիւն կատարեց Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ: Ս․ Պատարագին սպասարկեցին եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Սմբատ Վրդ. Սապունճեան, սարկաւագներ եւ դպիրներ: Հոգեպարար արարողութեան ներկայ գտնուեցան Ազգային վարչութեան անդամ՝ Տիար Կարպիս Պէզճեան, Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան անդամ՝ Տիար Ռոստոմ Այնթապլեան, համայնքային կեանքի ներկայացուցիչներ, բարերարներ եւ հաւատացեալներ:
Անուանակոչութեան տօնին առիթով, եկեղեցին զգեցաւ տօնական հանդերձ: Աղօթական մթնոլորտի մէջ ներկաները ողջունելէ ետք, Առաջնորդ Սրբազանը խօսեցաւ սրտառուչ պատգամ, որուն ընթացքին վեր առաւ աղօթքին կարեւորութիւնը, ապա անդրադարձաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի բարեխօս զօրութեան ապաւինելու անհրաժեշտութեան, մանաւանդ երբ տեսակ-տեսակ դժուարութիւններ եւ տագնապներ կու գան խանգարելու մեր հոգեկան անդորրն ու կեանքը, ըսաւ ան, ապա յորդորեց ներկաները հեռու մնալու մեղքի որոգայթներէն եւ չարին դաւադրութիւններէն, որպէսզի կարելի ըլլայ ապրիլ Աստուծո՛յ հաճելի կեանք ու բարին գործել, առանց դոյզն վարանքի ու երկմտանքի:
Հուսկ, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ աւանդական մատաղօրհնէք, որուն աւարտին Թորգոմ Եպիսկոպոս օրհնեց ներկաներն ու համայնքի բոլոր զաւակները՝ մաղթելով, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի կերպարը ամբողջական ներկայութիւն դառնայ մեզմէ իւրաքանչիւրին ու համայնքի կեանքէն ներս, եւ ամէնուր թագաւորէ սէրն աստուածային: