Կիրակի 28 Օգոստոս 2022-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ մատոյց, Սրբալոյս նոր միւռոնով ջրօրհնէք կատարեց եւ քարոզեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, աղօթակից ունենալով Գերշ. Տ. Եփրեմ Ս. Արք. Թապագեանը եւ Գերշ. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանը:
Ս. Խորանին սպասարկեցին Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան, սարկաւագներ եւ դպիրներ: Արարողութեան ներկայ եղան Ազգային վարչութեան անդամներ, Ազգ. երեսփոխաններ, պատկան մարմիններու եւ յարակից միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներ:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամին մէջ օրինակ բերելով Յիսուս Քրիստոսի հետ նաւարկող առաքեալներուն վախը՝ փոթորկած ջուրերուն բարձրանալուն ի տես, ըսաւ, որ իւրաքանչիւր մարդ իր կեանքին ընթացքին կ՛անցնի փոթորիկներու մէջէն, բայց ան, որ հաւատքով ու վստահութեամբ կը դիմէ Յիսուս Քրիստոսի, ըսելով՝ «Տէ՜ր, ալիքները բարձր են, կը վախնամ, օգնէ ինծի, որ չտկարանամ ու չընկղմիմ, անգամ մը ե՛ւս ցոյց տուր ինծի Քու աստուածային փառքդ եւ փշրէ բոլոր այն դժուարութիւնները, որոնք կեանքս կը դժուարացնեն», անոնք պիտի գտնեն խաղաղութիւն իրենց հոգւոյն եւ կեանքին մէջ, որովհետեւ Յիսուս Քրիստոսը ունին իբրեւ իրենց հոգիին տէրը, այլ ոչ թէ աշխարհիկ ու նիւթեղէն կուռքեր:
Շարունակելով իր պատգամը, Թորգոմ Եպիսկոպոս արարողութեան ընթացքին ընթերցուած Պօղոս Առաքեալի խօսքերը մեկնաբանեց այսպէս. «Այսօր մենք բոլորս հրաւիրուած ենք աղօթելու իրարու համար, որպէսզի չմնանք փորձութիւններու մէջ փակուած եւ հոն չմեռնինք: Որովհետեւ այն անկեղծ աղօթքը, զոր մենք կը բարձրացնենք իրարու համար, կրնայ եւ մեզ ազատել ու փրկել բոլոր տեսակի փորձութիւններէ, դժուարութիւններէ ու դժբախտութիւններէ: Պէտք է միշտ յիշենք, որ այս երկրին վրայ մեր կրած չարչարանքները ոչինչ կ՛արժեն աստուածային այն փառքին ու նուէրներուն դիմաց, զորս Քրիստոս խոստացաւ շնորհել բոլոր անոնց, որոնք հաւատքով միացան իրարու եւ նոյն հաւատքով անքակտելի միութիւն կազմեցին մեր Երկնաւոր Հօր՝ Աստուծոյ հետ», ապա հետեւեալ աղօթքով աւարտեց իր պատգամը. «Տէ՜ր, թոյլ մի տար, որ կուռքեր շինեմ իմ մարմին տաճարին մէջ, այլ թող որ ան ըլլայ փառաբանութեան խոնարհ խորան, Քու սուրբ հոգիիդ»: