– «ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԻՇԽԱՆ» ՇՔԱՆՇԱՆԻ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ
ՏԻԱՐ ԱՐԻՍ ԻՍԹԱՄՊՈԼԵԱՆԻ
Կիրակի, 19 Մարտ 2023-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ․ Տ․ Թորգոմ Ս․ Եպս․ Տօնոյեան, Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց Օրէնճ Քաունթիի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ապա Աստուծոյ տան անուանակոչութեան առիթով աւուր պատշաճի պատգամ խօսեցաւ Յիսուս Քրիստոսի սիրոյն նահատակուած քառասուն զինուորներուն մասին եւ կատարեց մատաղի օրհնութիւն:
Ս․ Պատարագին սպասարկեցին եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ․ Տ․ Գարեգին Քհնյ․ Պետուրեան, սարկաւագներ, ուրարակիրներ եւ դպիրներ: Սրբազան արարողութեան ներկայ եղան Ազգ. վարչութեան ներկայացուցիչներ, շրջանի Ազգ. երեսփոխաններ, համայնքային ներկայացուցիչներ, բարերարներ եւ հաւատացեալ ժողովուրդ:
Յընթացս Պատարագի, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի՝ Առաջնորդ Սրբազանը «Կիլիկեան Իշխան» շքանշան յանձնեց Տէր եւ Տիկին Արիս եւ Անժելա Իսթամպոլեան ամոլին, առ ի գնահատանք զոյգի առատաձեռն այն նուիրատուութեան, զոր կատարեցին իրենց ծնողներուն՝ Տէր եւ Տիկին Ոսկան եւ Էլիզ Իսթամպոլեանի յիշատակի յաւերժացման համար՝ երկու միլիոն տոլար ($2,000,000) նուիրելով Ազգ. Արի Կիրակոս Մինասեան վարժարանը շուտով միջնակարգ բաժինի բարձրացնելու նպատակին:
Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամին ընդմէջէն թելադրեց առաւել եւս հաստատակամ մնալ մեր հաւատքի կեանքին մէջ՝ հետեւելով Քառասուն Մանուկներու օրինակին, նաեւ անդրադարձաւ Դատաւորի Կիրակիին եւ կոչ ուղղեց յաւելեալ բծախնդրութիւն ցուցաբերել մեր ծխական, թեմական, ազգային թէ հաւաքական կեանքին:
Յաւարտ Ս. Պատարագի, ներկաները ուղղուեցան եկեղեցւոյ կից գտնուող Ղուկասեան սրահ, ուր մասնակից դարձան Սիրոյ սեղանին: Ներկայ էին Արի Կիրակոս Մինասեանի տնօրէնուհի՝ Տիկ Անի Շահինեան-Սարգիսեան, Ուսումնական մարմինի անդամներ եւ վարժարանի աշակերտներ, որոնք ելոյթ ունեցան փունջ մը երգերով եւ ջերմացուցին մթնոլորտը:
Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց գաղութի բոլոր զաւակները, Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հանդէպ իրենց ցուցաբերած հաւատարմութեան եւ նուիրումին համար: