Կիրակի, 27 Մարտ 2022-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ․ Տ․ Թորգոմ Ս․ Եպս․ Տօնոյեան, Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց Օրէնճ Քաունթիի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ապա անուանակոչութեան առիթով խօսեցաւ՝ Յիսուս Քրիստոսի սիրոյն նահատակուած քառասուն զինուորներու մասին աւուր պատշաճի պատգամ եւ կատարեց մատաղի օրհնութիւն:
Ս․ Պատարագին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ․ Տ․ Գարեգին Քհնյ․ Պետուրեան, նախկին հովիւ՝ Արժ. Տ. Հրանդ Աւ. Քհնյ. Երէցեան, սարկաւագներ, ուրարակիրներ ու դպիրներ: Ս․ Արարողութեան ներկայ եղան շրջանի Ազգ. երեսփոխաններ, Ազգային վարչութեան անդամ՝ Տիար Արա Շապանեան, բարերարներ, համայնքի հայութեան ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով հաւատացեալներ:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամին ընդմէջէն թելադրեց հեռու մնալ խաւարէն, մեղքի ու մոլութեանց կեանքէն եւ խորհուրդ տուաւ անընդհատ լեցուիլ Յիսուս Քրիստոսի անհուն սիրով եւ ամէն օր փորձ կատարել՝ անհատական թէ շրջապատի կեանքէն ներս լոյս մը վառելու, բոլորին հետ սիրով վերաբերելու, այլեւ «ափ-ափ սէր բաշխելու եւ բարի գործեր կատարելու, որպէսզի Քրիստոս իշխէ մեր բոլորին հոգիին ու կեանքին մէջ», ըսաւ ան:
Յաւարտ Ս. Պատարագի, ներկաները ուղղուեցան եկեղեցւոյ Ղուկասեան սրահ, ուր մասնակից դարձան Սիրոյ սեղանի մը, ապա միատեղ ճաշակեցին մատաղէն, անկէ նաեւ բաժին հանելով իրենց ընտանիքներուն եւ հարազատներուն: