Այսու, կ’ուզենք տեղեկացնել, որ Արեւմտեան Թեմի նորընտիր Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան, շնորհաւորական այցելութիւններ պիտի ընդունի Ազգային Առաջնորդարանէն ներս, Երկուշաբթի 13 Մայիս 2024-էն մինչեւ Չորեքշաբթի 15 Մայիս 2024, երեկոյեան ժամը 6-էն 8:
Շնորհաւորական այցելութիւնները նախօրօք պիտի համադրուին Ազգ. Առաջնորդարանի Դիւանատան միջոցաւ եւ կապի հաստատման առաջնահերթութեամբ (հեռաձայն` 818-248-1278 կամ ել-նամակով՝ info@westernprelacy.org):
Ի հարկին, այս ժամանակացոյցի թուականներէն կամ ժամերէն դուրս այցելութիւնները պիտի դասաւորուին Դիւանատան միջոցով, ըստ յարմարութեան:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ