Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Թեմիս Նորընտիր Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան Շնորհաւորական Այցելութիւններ Պիտի Ընդունի

By May 9, 2024No Comments

Այսու, կ’ուզենք տեղեկացնել, որ Արեւմտեան Թեմի նորընտիր Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան, շնորհաւորական այցելութիւններ պիտի ընդունի Ազգային Առաջնորդարանէն ներս, Երկուշաբթի 13 Մայիս 2024-էն մինչեւ Չորեքշաբթի 15 Մայիս 2024, երեկոյեան ժամը 6-էն 8:

Շնորհաւորական այցելութիւնները նախօրօք պիտի համադրուին Ազգ. Առաջնորդարանի Դիւանատան միջոցաւ եւ կապի հաստատման առաջնահերթութեամբ (հեռաձայն` 818-248-1278 կամ ել-նամակով՝ [email protected]):

Ի հարկին, այս ժամանակացոյցի թուականներէն կամ ժամերէն դուրս այցելութիւնները պիտի դասաւորուին Դիւանատան միջոցով, ըստ յարմարութեան:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ