Skip to main content
search
Uncategorized

Կլոր Սեղան՝ Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի Մէջ

By March 20, 2026No Comments

Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի նախագահութեամբ, Չորեքշաբթի, 25 Փետրուար 2026-ի երեկոյեան, Ազգային Առաջնորդարանի Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հիմնահարցեր եւ Հանգրուաններ՝ Արեւմտեան Հայաշխարհի Կազմաւորումին մէջ նիւթով կլոր սեղան, գլխաւոր բանախօսութեամբ՝ Դոկտ. Տիկին Սեդա Տատոյեանի (Նիւ Եորքէն):

Կլոր սեղանին ներկայ եղան խումբ մը հրաւիրեալներ (մտաւորական, տնօրէն, դասախօս, խմբագիր, գրող եւ լրագրող), որոնց շարքին՝ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Զարեհ Ծ. Վրդ. Սարգիսեան:

Կլոր սեղանին նիւթը հանրութեան պիտի տրամադրուի Փրոֆ. Տատոյեանի հեղինակութեամբ եւ Ազգային Առաջնորդարանի հրատարակութեամբ իրականացուող Մատենաշարով, որ ցարդ լոյս ընծայած է երկու հատոր, առաջինը՝ Ս. Ներսէս Շնորհալիի նուիրուած, երկրորդը՝ Ս. Յովնան Օձնեցիի, իսկ երրորդը, որ ամէնէն ծաւալունն է, կը ներկայացնէ Արեւմտահայ աշխարհի առաջին հանգրուանի քաղաքական եւ մշակութային կեանքի պատկերը (10-15րդ դար):

Close Menu

Categories