Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Հանդիսապետեց Ազգ. Վ. Եւ Ա. Շամլեան Վարժարանի Միջինքի Ձեռնարկին

By March 20, 2026No Comments

Չորեքշաբթի, 11 Մարտ 2026-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, հանդիսապետեց Քրեսենթա Հովիտի Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան միջնակարգ վարժարանի Ծնողական յանձնախումբի կազմակերպած միջինքի ձեռնարկին, որ տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի Reflections Venue ճաշարանի շքեղ սրահին մէջ, ներկայութեամբ աւելի քան 200 հրաւիրեալներու:

Հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց վարժարանի տնօրէնուհի՝ Դոկտ. Տիկին Թալին Քարկոտորեան, որմէ ետք Առաջնորդ Սրբազան Հայրը օրհնեց սեղանները եւ հայերէնով ու անգլերէնով փոխանցեց գնահատանքի իր հայրական խօսքը՝ վեր առնելով քրիստոնեայ հայուհեաց կրթասէր եւ ծառայասէր նկարագիրը, որ դարերու ընթացքին փոխանցուած է հայ մեծ մայրերու, մայրերու եւ քոյրերու յաջորդական սերունդներու եւ, այսօր, ահա՛ մեր ներկան կը լուսաւորէ ձեր բոլորին մասնակցութեամբ, ըսաւ ան:

Իր հայրական խօսքին մէջ, Գեղամ Արքեպիսկոպոս նաեւ բարձր գնահատեց վարժարանի մեծ ընտանիքին բոլոր անդամները՝ յատկապէս տնօրէնուհին, դաստիարակները, ուսուցիչներն ու Ծնողական յանձնախումբի ժրաջան հայուհիներն ու բոլորին անմնացորդ նուիրումը, Ազգ. Շամլեան վարժարանի տարուէ տարի արձանագրած վերելքին ու յաջողութիւններուն համար:

Դրուատելէ ետք վարժարանէն ներս հայ նոր սերունդի դեռատի աշակերտներուն ջամբուած կրթութիւնն ու ազգային դաստիրակութիւնը, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ դպրոցին, կրթական կառոյցի պատասխանատուներուն չափ ու աւելի՛ կարեւոր է դերը ծնողներուն եւ մեծ ծնողներուն, որոնք տան մէջ իրենց զաւակներն ու թոռները կը դաստիարակեն իբրեւ օրինակելի ու տիպար հայ-քրիստոնեաներ եւ այս իմաստով արժանի դրուատանքը շնորհեց հայ տարեց սերունդի ներկայացուցիչներուն եւ կարեւորութեամբ ընդգծեց անոնց դաստիարակիչ դերն ու բարոյահոգեբանական ներդրումը, հայ ընտանիքներու մէջ հասակ նետող պատանիին ու պարմանիին կեանքին մէջ:

Close Menu

Categories