Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Կլոր Սեղանի Շուրջ Արցախի Պատերազմի Գծով Քննարկում Դեսպան Ռոպերթ Օպրայընի Հետ

By October 30, 2020June 18th, 2024No Comments

Ուրբաթ, 30 Հոկտեմբեր 2020-ի առաւօտուն, կազմակերպութեամբ Լոս Անճելըս Գաւառի Վերահսկիչ Մարմնի Ատենապետ Քէթրին Պարկըրի, Փասատինայի «Sunset Garden Arboretum»էն ներս տեղի ունեցաւ կլոր սեղանի շուրջ քննարկում Միացեալ Նահանգներու Ազգային Անվտանգութեան խորհրդական՝ դեսպան Ռոպերթ Օպրայընի հետ։ Թեմիս Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Թորգոմ Ս․ Եպս․ Տօնոյեան իր մասնակցութիւնը բերաւ այս քննարկման եւ իր խօսքը փոխանցեց։ Սրբազան Հօր կ՛ընկերակցնէր Արժ․ Տ․ Մովսէս Քհնյ․ Շաննագեան։ Ներկայ էին ծերակուտական Մայք Լի, հոգեւոր առաջնորդներ ու համայնքային ներկայացուցիչներ։

Close Menu

Categories